Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. Որբերը տեղւոյն վրայ խնամելու սկզբունք

Յանձնաժողովս ընդունեց իր խնամոց յանձնուած Կիլիկեան որբերը տեղւոյն վրայ խնամելու եւ դաստիարակելու սկզբունքը, պարզապէս անոր համար որ որբերը հոս, հոն չցրուին եւ չհեռանան իրենց օճախէն։

Այս սկզբունքին համաձայն Որբախնամս մերժեց այն բոլոր առաջարկները որոնք կը հասնէին իրեն ի մասին որբերու իբր հոգեզաւակ որդեգրութեան եւ ամէն անգամ որ այսպիսի առաջարկ մը ներկայացաւ, թելադրեց առաջարկողին որբին մէկ կամ աւելի տարիներու պաշտպանութիւնը յանձն առնել։ Ու պատահեցաւ որ շատեր ընդունեցին այս թելադրութիւնը եւ գործադրեցին, եւ ոմանք ալ անպատասխանի թողուցին մեզ։

Որբախնամս ոչ միայն չթողուց որ իր խնամոց յանձնուած որբերը իբր հոգեզաւակ դուրս հանուին Կիլիկիայէն, այլ եւ մերժեց, միշտ համաձայն իր սկզբունքին, առաջարկները այն անհատներուն ու մարմիններուն որոնք կը փափաքէին որոշ թուով որբեր իրենց հաշւոյն դաստիարակել այս կամ այն վարժարանին մէջ։

Որբախնամս այս սկզբունքը ընդգրկելով հանդերձ մեծամասնութեամբ յանգեցաւ սա եզրակացութեան թէ կարելի պիտի ըլլայ պարագաներու բերմամբ եւ բացառաբար անհատներու կամ ազգ. մարմիններու խնամարկութեան որբեր յանձնել, Որբախնամիս մասնաւոր որոշումովն ու կարգադրութեամբը։