Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. — Որբախնամի դրամներուն յապահովի պահպանութիւնը

Որբախնամս առաջին օրէն լուրջ նկատողութեան առաւ Որբախնամի դրամներուն յապահովի պահպանութեան խնդիրը եւ որոշեց երեք հարիւր (300) լիրայէ աւելի գումարները, — մինչեւ 300 լիրա գանձապետին քով 4% տոկոսով մնալու պայմանով, — յանձնել ի պահ Ռուսական պանքային, յանուն Կիլիկիոյ Որբախնամ Կեդր. Յանձնաժողովոյ, նոյնչափ տոկոսով։ Այսպէս, ամէն անգամ որ գանձապետին քով բաւականաչափ դրամ կը պակսի, պանքային մէջ ի պահ դրուած գումարէն կ՚առնուի պէտք եղածին չափ, միշտ Պատրիարքին կամ Տեղապահին, յանձնաժողովիս Ատենապետին եւ Գանձապետին ստորագրութեամբ։