Գ.
—
Որբախնամի
դրամներուն
յապահովի
պահպանութիւնը
Որբախնամս
առաջին
օրէն
լուրջ
նկատողութեան
առաւ
Որբախնամի
դրամներուն
յապահովի
պահպանութեան
խնդիրը
եւ
որոշեց
երեք
հարիւր
(300)
լիրայէ
աւելի
գումարները,
—
մինչեւ
300
լիրա
գանձապետին
քով
4%
տոկոսով
մնալու
պայմանով,
—
յանձնել
ի
պահ
Ռուսական
պանքային,
յանուն
Կիլիկիոյ
Որբախնամ
Կեդր.
Յանձնաժողովոյ,
նոյնչափ
տոկոսով։
Այսպէս,
ամէն
անգամ
որ
գանձապետին
քով
բաւականաչափ
դրամ
կը
պակսի,
պանքային
մէջ
ի
պահ
դրուած
գումարէն
կ՚առնուի
պէտք
եղածին
չափ,
միշտ
Պատրիարքին
կամ
Տեղապահին,
յանձնաժողովիս
Ատենապետին
եւ
Գանձապետին
ստորագրութեամբ։