ՆԱԽԱԲԱՆ
Յանձնաժողովիս
կամքէն
բոլորովին
անկախ
պատճառներով
մեր
Տեղեկագրին
հրատարակութեան
յապաղումը
առիթ
կու
տայ
մեզի
որ
յաւելուածական
ամփոփ
բաժին
մըն
ալ
յատկացնենք
վերջին
վեց
ամիսներու,
այսինքն
1911
Յունվար
1
—
1911
Յունիս
30
(Ն.
Տ)ի
մեր
գործառնութեանց,
կցելով
անոր՝
այս
ժամանակամիջոցին
մէջ
եղած
մատակարարութեան
ընդհանուր
պատկերը։
Մինչեւ
1910
Դեկտ.
ի
վերջը՝
ունեցած
էինք
66
նիստեր։
Այդ
թուականէն
մինչեւ
1911
Յունիս
30
ունեցանք
15
նիստեր
եւս,
որով
յանձնաժողովս
իր
կազմութենէն
ի
վեր
գումարած
կ՚ըլլայ
81
նիստ։