Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱԽԱԲԱՆ

Յանձնաժողովիս կամքէն բոլորովին անկախ պատճառներով մեր Տեղեկագրին հրատարակութեան յապաղումը առիթ կու տայ մեզի որ յաւելուածական ամփոփ բաժին մըն ալ յատկացնենք վերջին վեց ամիսներու, այսինքն 1911 Յունվար 1 1911 Յունիս 30 . Տ)ի մեր գործառնութեանց, կցելով անոր՝ այս ժամանակամիջոցին մէջ եղած մատակարարութեան ընդհանուր պատկերը։

  Մինչեւ 1910 Դեկտ. ի վերջը՝ ունեցած էինք 66 նիստեր։ Այդ թուականէն մինչեւ 1911 Յունիս 30 ունեցանք 15 նիստեր եւս, որով յանձնաժողովս իր կազմութենէն ի վեր գումարած կ՚ըլլայ 81 նիստ։