Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՐ. ՀԷՐՊԷՐԹ ԱԼԷՆԻ ՄԱՀԸ

  Այս վեցամսեայ շրջանին սկիզբը յանձնաժողովս մեծ կորուստ մը ունեցաւ յանձին իր պատուական անդամակից Մր. Ալէնի որ, առանց հայ ծնած ըլլալու, իր բոլոր սրտովն ու հոգւովը փարած էր Ազգին եւ որուն զգացումներէն, գաղափարներէն ու թելադրութիւններէն մեծապէս օգտուած էր յանձնաժողովս։ Այս տխուր առթիւ յանձնաժողովս ցաւակցական գիր մը ուղղեց Տիկին Ալէնի, ծաղկեպսակ մը դրաւ իր ողբացեալ անդամակցին դագաղին վրայ եւ յատուկ ներկայացուցիչներ ունեցաւ յուղարկաւորութեանը հանդէսին։