Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՐ ՈՐԲԱՆՈՑՆԵՐԸ

  Այս վերջին վեց ամիսներու մէջ յանձնաժողովիս մատակարարած որբանոցներուն թիւը վերածուեցաւ չորսի, Ատանայի որբանոցին՝ տեղւոյն կուսակալին կարգադրութեամբ Խառն Յանձնաժողովի մը խնամքին յանձնուելովը եւ Այնթապի որբանոցին որբերուն ալ՝ յանձնաժողովիս որոշման համաձայն Գռուզեան էֆ. ի ձեռամբ Մարաշի որբանոցը փոխադրուելնուն հետեւանքով՝ այդ որբանոցին փակումովը։

  Այսպէս, յանձնաժողովիս մատակարարած որբանոցներն են այսօր, հետեւեալները.

1. Որբանոց Հաճնոյ, 318 որբ

2. Որբանոց Մարաշի, 274 որբ

3. Որբանոց Տէօրթեօլի, 273 որբ

4. Որբանոց Հասանպէյլիի, 251 որբ

Համագումար 1116 որբ