Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐՀԵՍՏԱՒՈՐ ՈՐԲԵՐ

  Հաճնոյ որբանոցէն 66 տղայ կը հետեւին արհեստի, քաղաքին զանազան արհեստաւորներու քով։

  Մարաշի որբանոցէն ալ 52 տղաք կը հետեւին արհեստի, ինչպէս երկաթագործութեան, թիթեղագործութեան, ոսկերչութեան, դերձակութեան, ատաղձագործութեան, կօշկակարութեան, մուճակագործութեան, պղինձագործութեան եւ համետագործութեան։ Որբուհիներն ալ կը հետեւին գորգագործութեան եւ ձեռական աշխատութեանց։