Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՈՐԲԱԽՆԱՄ ԿԵԴՐ. ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ

Կ. ՊՈԼԻՍ

Կ. Պոլիս, 8/21 Մարտ 1911

Թիւ 974

 

Բարձրաշնորհ

Տ. Վահրամ Ս. Արքեպ. Մանկունի

Տեղապահ Պատրիարքութեան Հայոց Թուրքիոյ եւ Նախագահ Ազգ. Կեդր. Վարչ. Պատկ. Քաղ. Ժողովոյ

ԱԶԳ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

 

Սրբազան Հայր,

Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Պատկ. Քաղ Ժողովդ նկատի առնելով՝ Կիլիկիոյ աղէտին երեսէն անխնամ մնացած բազմաթիւ հայ որբերը հոգալու անհրաժեշտ պէտքը, 1909 Օգոստոսին կազմեց Որբախնամ Յանձնաժողովս, ուսումնասիրելու համար նոյն որբերը պահպանելու միջոցները եւ ըստ այնմ սահմանելու կարեւոր կարգադրութիւնները։

Յանձնաժողովս յօժարութեամբ ընդունած ըլլալով Պատկ. Ժողովիդ կողմէ առաջարկուած այս նուիրական պաշտօնը, կը կատարէ զայն իւրովսանն եւ այսօր կու գայ Պատկ. Ժողովիդ ներկայացնել 1909 Օգոստոս 7 1910 Դեկտ. 31ի իր համարատուութիւնը։

Շնորհակալութիւն յայտնելով այս առթիւ, Յանձնաժողովիս ընծայուած վստահութեան եւ աջակցութեանց համար,

Մնամք խորին յարգանօք

Ի Դիմաց Կիլ. Որբ. Կեդր. Յանձնաժողովոյ

Ատենադպիր
  ՍԱՐԳԻՍ ՍՈՒԻՆ

Ատենապետ
Ա. Գ. ՇՄԱՒՈՆԵԱՆ