Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻ ՕՐ

Առտուն սաստիկ անձրեւեց.

Միջօրէին արեւ եր.

Կանանչութիւն կ՚երեւէր

Միջոց մը, բայց չտեւեց։

 

Այնպէս առատ համբոյր կար

Դալուկ լոյսին շրթներուն,

Որ ամէն սիրտ սարսռուն

Յոյսի երկունք կ՚ունենար։

 

Սակայն նորէ՜ն իրիկուն...

Ահա ծովը կը հեւայ.

Ոչ մէկ համբոյր հիմա կայ

Դալուկ լոյսին շրթներուն։

 

Եւ ամէն սիրտ սարսռուն

Նորէն ստուեր կը հագնի.

Լոկ՝ մութին մէջ՝ կը կանգնի

Հասակը յաղթ նոճերուն... ։