ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Յովհաննու Աւետարանին . 5) մէջ կ յիշատակուի Սամարացւոց լաղաք մը` Սիւքար անուն, մերձ այն կալուածին` զոր Յակոբ Նահապետ ընծայեց իր Յովսէփ որդւոյն, եւ հոն էր Յակոբի աղբիւրը եւ Յիսուս ճանապարհէն յոգնած` կը նստէր նոյն աղբիւրին վրայ, եւ ուր քիչ յետոյ Սամարացի կին մը գալով` երբ ջուր պիտի քաշէր, Յիսուս անոր հետ խօսեցաւ (անդ, 6-7):
       Շատերը Նապուլսը կը նոյնացնեն Սիւքարի հետ, բայց Եւսեբիոս եւ Յերոնիմոս Սիւքարը կը զատեն Նապլուսէն դուրս կը դնէ մասնաւոր Սէքար գիւղ մկ ուրկէ եկաւ Սամարացի կինը Յակոբի ջրհորը: Անունը այս տեղւոյն` որ կը թուի թէ կը գտնուի ջրհորին անմիջական շրջակայքը, մեզ կը յիշեցնէ այժմու մէկ գիւղին` Ասքարի անունը, համանուն աղբիւրովը, բայց այս անուն գիւղը մէկ քիլոմէթր հեռի կը գտնուի Գեբաղ լեռան ստորոտը գտնուած Յակոբի ջրհորէն: Ասիկա կը համաձայնի Askarothի` որ կը գտնուի Եփրեմի երկրին «բարձունք»ը եւ En Sokhar աղբիւրին հետ, այն դաշտին մէջ` որ իր կանխահաս ցորենովը նշանաւոր հանդիսացած է. Ասքարի դաշտ կը նշանակէ աս, որ Քարիզմի եւ Գեբաղի առջեւէն կը տարածուի արեւելք: Յակոբի ջրհորին քով կառուցուած եկեղեցիին ձախ կողմը` Մատապայի քարտէսը բաժնուաթ կը ներկայացնէ Նապուլսը վերոյիշեալ տեղերէն. ահա կը հասկցուի ուրեմն որ հիները զատ զատ տեղեր կը նկատէին Նապլուսը եւ Սիւքարը: Ըստ Պոնիփակիոսի, Յակոբի ջրհորի եւեղեցիին մօտ շինուած էր վանք մը` ուր կային հարիւր կիներ. բայց իր օրով վանքը ու եկեղեցին քանդուած էնա. Յակոբի ջրհորտ մօտ կանանց վանքը շինուած էր յիշատակին այն Սամարացի կնոջ` որ հաւատաց Յիսուսի եւ որուն զաւակները նահատակուեցան եւ ինքն ալ բանտին մէջ մեռաւ: Լատին եկեղեցին անոր տօնը կը կատարէ մարտ 20ին (Mislin, Հտր. Գ. էջ 427):
       Աւետարանէն սորվեցանք թէ Սամարացիք նոյն իսկ Փրկչին բերանէն լսեցին կենաց բանին քարոզութիւնը եւ շատերը հաւատացին:
       Ս. Փիլիպպոս յաջողութեամբ քարոզեց Աւետարանը Սամարիոյ շրջակայքը. Ս. Պետրոս եւ Ս. Յովհաննէս իրենց կողմէն Սամարիոյ այցելութիւն տալէ վերջ, «եւ ի բազում գեօղս Սամարացւոցն աւետարանէին» (Գործք Առաք. Ը. 25): Միեւնոյն թուականին քրիստոնէութիւնը մուտք գտաւ Նապլուսի մէջ, որ ծնունդ տուաւ Յուստինիոսի` երկրորդ դարու քրիստոնէութեան մեծ ջատագովին: Դ. դարուն հոն հաստատուեցաւ եպիսկոպոսութեան մը աթոռը:
       636ին Նապուլսը մտաւ Իսլամաց լուծին տակ. եւ 1100ին Խաչակիրք տիրեցին անոր. 1120ինհոն սինոդ մը գումարուեցաւ: 1184ին Սալահէտտին աւարառութեան տուաւ քաղաքը եւ 1187ին տիրացաւ անոր: 1202ին նապուլս երկրաշարժէ մը քանդուեցաւ եւ միայն Սամարացիներու թաղը ազատ մնաց:
       Արդի ժամանակաց պատմութիւնը միշտ ըմբոսի կը ներկայացնէ Նապլուսի բնակչութիւնը Դամասկոսի եւ Աքքեայի կառավարիչներուն դէմ: 1834ին անոնք դարձեալ ըմբոստացան Իպրահիմ փաշայի դէմ: Վերջինս յանկարծ յարձակեցաւ Նապլուսի վրայ, թալանեց զայն եւ իր Շէյխը` Հասան Ահմէտը շղթայելով տարաւ Դամասկոս` ուր ան մահուան դատապարտուեցաւ իր չորս զաւակներուն հետ: