Գազա
յի
բնակիչները
շատ
տրամադդիր
չէին
քրիստոնէութիւնը
ընդունելու,
վասն
զի
այս
քաղաքը
հելլենական
հեթանոսութեան
կեդրոն
մ՚էր
եւ
իր
գլխաւոր
մեհեանը
Marneion
անուամբ
կը
մրցէր
Serapeionի
հետ:
Ընդհակառակն
Մաեումայի
բնակիչները
չէին
ընդդիմանար
քրիստոնէութեան.
այդ
պատճառաւ
էր
որ
Կոստանդիանոս
հրամայեց
Մաեուման
բաժնել
Գազա
յէն:
Մաեուման
դարձաւ
անկախ
քաղաք
մը
Կոստանդիա
անուամբ,
մինչ
ցգահակալութիւն
Յուլիանոս
ուրացողի,
որ
դարձեալ
զայն
միացուց
Գազա
յի:
Դ.
դարու
վախճանին
հեթանոսութիւնը
վերջ
գտաւ
Գազա
յէն
Իլարիոնի
հրաշքներով,
Ս.
Պորփիւրի
ջանքերով
եւ
զինու
զօրութեամբ:
Գազա
յի
գաւառը
ունէր
երեք
եպիսկոպոսներ,,
մին`
ի
Գազա
,
միւսն`
ի
Մաեումա,
եւ
երրորդն
յԱնթէտոն.
Գազա
եւ
Աթէտոն
այժմս
ալ
ունին
անուանակիր
եպիսկոպոսներ:
Գազա
յի
քրիստոնէական
դպրոցը
Ե.
եւ
Զ.
դարերուն
նշանաւոր
եղած
է
Զոզիմի,
Պրոկոպոսի,
Կորիքիոսի,
Իզոտորի,
Ենայի,
Տիմոթէոսի
եւ
Յովհաննէսի
շնորհիւ:
Նոյն
ժամանակները
Գազա
յի
մէջ
կային
առնուազն
հինգ
եկեղեցիներ,
որոնցմէ
մին
էր
EUDOXIANA`
Marneionի
տեղ.
հաւանաբար
այժմու
մեծ
մզկիթը:
Տօները
կը
կատարուէին
մեծ
հանդիսաւորութեամբ:
Քաղաքը
պալատներով
լեցուն
էր
այն
ատեն,
երբ
Արաբները
կ՚իշխէին
հոն
Գազա
յի
մօտ,
Թատունի
պատերազմէն
վերջ
(635):