Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

4. [ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈԼԱՅԵԱՆԻՆ]

[Յուլիս, 1902, Կ. Պոլիս]

Ազնուաշուք Տէ՛ր,

Այս հինգերորդ անգամն է, որ յղած յօդուածներս կ՚արտատպէք հաճութեամբ. մե՜ծ խրախոյս մանուկ գրչիս, որ գայթ ի գա՜յթ կը քայլէ դեռ, յառաջադիմութեան կարապետն է խրախոյսը. ատիկա Ձեզի կը պակսի Ձեր թերթին մասին կ՚ըսեմ շատ մը անհոգ ու խոպան սրտերէ եւ ժլատ գրպաններէ, ահա այս է, ի՞նչ պէտք է ընել…։

Նպատակն ունիմ երբեմն քանի մը բանաստեղծական գրուածքներ ընծայել օգտաշատ «Մէճմուայի» ընթերցողաց, որուն պէտքն զգալի կը տեսնամ ես։ Ատիկա յօդուածներու միակերպութիւնը պիտի խափանէ ու երեւակայութիւնը դէպի ազնիւ գրգռող ազդակ մը պիտի ըլլայ կարծեմ։

Մտադիր եմ բանաստեղծական գրքոյկ մը հրատարակել Արհի[ապատիւ] Հաճեան գերապայծառի ձօնուած, զոր պատրաստած եմ։ Անոր մէջէն ահա երկ-երկու արձակ կամ ոտանաւոր Ձեր պատուական թերթին սիւնակներուն պիտի յանձնեմ իբր փորձ՝ ամբողջ հաւաքածուն տպելէն առաջ։ Ներփակեալս ընդունելնիդ կը խնդրեմ, զոր գրեցի, իբր յիշատակ այս տարի Մոտայէն բաժնուելէս։

Մնամ խորին յարգանօք
[Դանիէլ Գ. Չուպուգքեարեան]

 

Նախընթաց թերթին հայերէն յօդուածիս մէջ եղած տպագրական սխալներուն քանակութիւնը աչքի կը զարնէր, դարմանը լոկ պատուէր մ՚է, յետոյ ուշադրութիւն։

Նոր թերթը ուրիշ տեղ մը կարդացի մեր…