103.
ԳԱՐԵԳԻՆ
ԼԵՒՈՆԵԱՆԻՆ
3
յունուար,
1908,
Կանտ
Ազնիւ
պարոն,
(պ.
Գարեգին
Լեւոնեան)
Կարդացի
յայտարարութիւնը
Ձեր
հրատարակելիք
«Գեղարուեստ»
հանդէսի
մասին
եւ
ցանկացայ
աշխատակցիլ
անոր
քերթուածներով։
Ինքս
«Գեղեցիկին»
քուրմ
մ՚ըլլալով՝
կրնաք
գուշակել
թէ
ի՛նչ
խանդ
կ՚արթննայ
մէջս,
երբ
կը
տեսնեմ
նմանօրինակ
հանդէսներ,
որոնք
կոչուած
են
ազգիս
հաւաքական
զգացումները
ձեւելու,
ներդաշնակելու
եւ
ուղղելու
զանոնք
վայրկեան
մը
սարսափէն՝
երազանքին
եւ
արիւնէն՝
արեւուն։
Նոյն
այս
խանդով
էր,
որ
ժամանակ
մը
հոգիս
«Գեղունիի»
էջերուն
հետ
թրթռաց.
«Գեղունիին»,
որոյ
գլուխը
ես
կարծեմ
այսօր
կերան
կրօնամոլ
ժանիքներ։
Վատիկանի
թաթը
այժմ
ս.
Ղազարու
մամուլին
վրայ
կը
ծանրանայ
կամ
պիտի
ծանրանայ։
Ես
չգիտեմ,
թէ
նոյն
այդ
գեղարուեստական
հանդէսը
արդեօք
պիտի
դեռ
հրատարակուի,
հակառակ
դէպքում
ես
կը
մաղթեմ
որ
Ձերինը
անոր
տեղը
բռնէ՝
ընդլայնելով
անոր
հորիզոնը,
—
աշխարհականի
հայեացքին
հորիզոնը։
Ներփակեալ
քերթուածը,
զոր
կ՚ուղարկեմ,
Մխիթարեանց
վերոյիշեալ
թերթին
համար
էր
սահմանած։
Բախտը
այնպէս
ուզեց,
որ
Ձեր
մամուլին
յղեմ.
եւ
բախտը
վատ
բան
մը
չէր
ուզած,
եթէ
ան
ընդունելութիւն
գտնէ
Ձեզ
մօտ։
Զարմանալի
է,
որ
մեր
մէջ
հայրենասիրական
երկերը
(նուազ
բացառութեամբ)
գեղարուեստական
արժէքէ
անջատ
յղացուած
են։
Քերթուածիս
մէջ,
ինչպէս
նաեւ
բոլոր
նմանօրինակ
գրութիւններուս,
ջանացած
եմ
երկու
տարրերը
շաղուել՝
օգտակարն
եւ
գեղեցիկը.
անոնց
մէջ
խտացնել
անհատական
հոգիիս
հետ
բոլոր
objective
գեղեցկութիւնները,
համարելով,
թէ
այսպէսով
միայն
կարելի
է
ուժեղ
գործեր
արտադրել
եւ
խուսափել
բոլոր
այն
chilihé
[1]
գեղեցկութիւններէն,
որոնք
ցաւով
կ՚ըսեմ,
յարդի
պէս
գրական
հրապարակին
վրայ
ծախուեցան
եւ
կը
ծախուին
տակաւին։
Բացի
քանի
մը
բացառիկ
պաշտելի
հոգիներէ
(ռուսահայ
թէ
տաճկահայ),
դեռ
այսօր
կը
վխտան
հնավաճառ
բանաստեղծներ,
որոնց
ապրանքները
ո՛չ
տաղաչափութեան
եւ
հայերէն
լեզուի
փառքը
ունին,
ո՛չ
գեղարուեստի
շնորհքը։
Անոնք
ես
կարծեմ
կը
ստեղծին
առանց
իրենց
արիւնին,
մինչդեռ
ճշմարիտ
բանաստեղծութիւնը
մարտիրոսութիւն
մ՚է.
ամէն
բառի
մէջ
սրտին
կաթիլ-կաթիլ
արիւնումն
է
ստեղծելը։
Այս
տողերս
գուցէ
յաւակնոտ
կարծէք.
—
քաւ՛
ինձ.
—
լոկ
համոզումս
է՝
որ
պէտք
է
ժայռին
զարնել
ջախջախել
քնարը,
երբ
ան
մեծ
չէ։
Ուստի
կը
խնդրեմ
իմ
բոլոր
ընթերցողներես,
որ
դեռ
իմ
առաջին
քայլերուս
մէջ
իմ
անկարողութիւնս
ինծի
անդրադարձնեն
եւ
ես
ինձ
հաւատարիմ
պիտի
ըլլամ.
«Ժայռին
զարնել
քնարը,
երբ
ան
մեծ
չէ»։
Խնդրեմ
կարդացէք
քերթուածս,
եթէ
հաւնիք՝
տպագրեցէք,
եթէ
ո՛չ՝
ըրէք
ինչ
որ
կ՚ուզէք
(
եթէ
կարելի
է
ուղարկեցէք
ետ)։
Ես
ասով
նշանախեց
մ՚իսկ
չեմ
վիրաւորուիր,
իսկ
գալով
վարձատրութեան
մասին,
եթէ
գրութիւնը
հիւրընկալէք
Ձեր
հանդէսին
մէջ,
վարձատրութիւնը
իր
արժէքին
համեմատ
Դուք
ինքնիդ
որոշեցէք
եւ
ուղարկեցէք
հասցէիս։
Տաճկահայերը
իմ
մուտքս
գրականութեան
մէջ
լաւ
ընդունեցան,
եթէ
նոյնը
կ՚ընեն
ռուսահայ
եղբայրները՝
ինծի
խրախոյս
մը
պիտի
ըլլայ
աւելի
լայն
պարզելու
թռիչներս
եւ
աւելի
կատարելագործելու
արուեստս։
Ու
եթէ
Ձեր
թերթը
տեւականապէս
հրատարակուի
(ինչ
որ
բաղձալի
է),
Ձեր
բարեացակամ
ընդունելութեան
դէպքում
ես
կարող
եմ
մերթ
ընդ
մերթ
աւելի
զօրեղ
կտորներով
Ձեզի
աշխատակցիլ։
Յարգանքներով
Ձերդ
Դանիէլ
Վարուժան
Հասցէս՝
Daniel
Tchiboukkearian
Rue
de
Jardin
N35
Card
(Beljique)