Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

134. ԳԱՌՆԻԿ ԳԼԸՃԵԱՆԻՆ

8 ապրիլ, 1909, Կանտ

…Ա՜հ որքա՛ն տրտում էր երգդ, որքա՜ն ազնիւ եւ գեղեցիկ. օրհնեա՛լ ըլլաս. սիրելի՛ Գառնիկ, որ գոնէ վայրկեան մը պատճառ եղար զիս սա անողորմ իրականութենէն դուրս քաշելու, որ օրօրովդ քնացուցիր վիրաւոր գիտակցութիւնս արթնըցնելով սրտիս մէջ շատոնց փակուած երազանքի եւ զգացումների աշխարհը, որ եկար տրտմօրէն սարսռեցնել զիս, արթընցուցիր ջղերուս ստեղծելու կարողութիւնը եւ երգիդ ալիքներուն մէջ զիս իջեցուցիր ծովուն այն լուսապայծառ անդունդը, ուր մարգրիտները կ՚օրրուին եւ բուստերը լուսեղէն ծաղիկներով հանդարտօրէն կը ծաղկին. օրհնեա՜լ ըլլաս, սիրելի՛ Գառնիկ…

. Վարուժան]