Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

23. ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ ՔԱՍԳԱՆՏԻԼԵԱՆԻՆ

[3-6 փետրուար, 1906, Կանտ]

Սիրելի Հայր Արիստակէս վարդապետ Քասգանտիլեան,

Ստացայ Ձեր քարտը։ Բախտի անակնկալ մ՚եղաւ ան։

Շնորհակալութիւն Ձեր շնորհաւորութեանց։

Քերթուածները, եթէ ունին իրաւցնէ գեղարուեստի ցոլք մը՝ Ձեզի կը պարտիմ. այս բանս յայտնել չեմ լռեր եւ չեմ ալ ըսեր՝ լոկ քաղաքավարութեան կեղծ ներշնչման մը գերի։ Ոչ մէկ հայերէնի վարժապետ իմ վրայ այնքան ազդած չէ, որքան Դուք։ Միւսներուն դասերը ինծի սովրեցուցին՝ գիտնալ. Ձերիններն՝ ստեղծել ։ Միւսները աւելի անձնասէր եղան. միւսները ես միշտ պիտի յարգեմ, բայց զձեզ պիտի սիրեմ։

Ձեր քարտը զիս թելադրեց, երէկ, հին տետրակներս քրքրելու. անոնց դեղին էջերուն խորը Վոսփորի բնութեան դէմ դիմաց գտայ Ձեր ձեռագիրը, եւ այդ յիշատակը այսօր քաղցր յիշատակ մըն է ան ինծի՝ մինչ օր մը բեղնաւորիչ եղաւ եւ օգտակար, եւ կը զգամ, որ հոն՝ սրբագրուած հմուտ, Ձեզմէ քաշուած իւրաքանչիւր ջնջումի գիծ ճառագայթ մ՚եղաւ իմ այս փոքր յառաջադիմումիս, զոր ապահով եմ, տակաւին օգնել կարող է մտքի թիզով մը չափուելու։

Կը հարցնէք, թէ հոս ի՛նչ կը սորվիմ. իբր ազատ ուսանող կը յաճախեմ համալսարան[ի] գրական եւ իմաստասիրական ճիւղին։ Զարգացման ամէն պայման կը գտնեմ։ Յուսամ, թէ երեք տարիէն բան մը ձեռք կը բերեմ։ Այս ճիւղին բերումն զգացի, անոր յարումիս համար ոեւէ՛ օգնութիւն չզլացուեցաւ։ «Բայց օգուտը», պիտի ըսէք, ո՛վ կը մտածէ օգուտը, բաւ է, որ ան գեղեցիկն է. ամէն օգուտ Ապագան կը հասունցնէ. ո՞վ գիտէ Ապագան։ Գեղեցիկը միայն մեզի հետ կը ծնի եւ կը մեռնի մեզի հետ։

Ի՛նչ որ է։

Մէկ խօսքով՝ Ձեր քարտը անհունօրէն ուրախացուց զիս. գուցէ Ձեր հոգիէն մաս մը կար հոն, զոր զգացի ես ամբողջ չորս տարուան մոխիրին տակ՝ դեռ ջերմ ու տրոփուն։

Քաջառողջ եղէք եւ երջանիկ. համբուրելով Ձեր սուրբ աջերնիդ, կը մնամ։

նախկին սան Ձեր՝
Դ. Վարուժան