52.
ՍՏԵՓԱՆ
ՍԱՐԵԱՆԻՆ
9
յունիս,
1906,
Կանտ
Սիրելի
մեծ
Հայր,
Դրամը
ժամանակին
ստացած
եմ,
երեքշաբթի
երեկոյ
կամ
չորեքշաբթի
առտու,
շնորհակալութեամբ։
Հսկողը
կ՚իմացնէր,
թէ
ինձ
պիտի
գրէք։
Բաւական
սպասեցի
Ձեր
նամակին։
Բայց
հոգ
չէ,
որտեղ
որ
է
դրամը
կը
բաւէ.
թուականէս
երկու
երեք
օր
վերջը
ճամբայ
կ՚ելլամ,
թէպէտեւ
դասերէս
մէկ-երկու
հատը
դեռ
պէտք
էի
քանի
մ՚օր
շարունակել.
հոգ
չէ,
վարժապետներու
հաւանութեամբը
կը
մեկնիմ։
Ըլլայ
գրքիս
ծախէն,
ըլլայ
ամսավճարէս
քիչ
մը
իրարու
վրայ
դրած
էի
զգեստի
համար։
Կ՚ուզէի
շէնք
շնորհք
գալ
հոդ,
բայց
ներկայ
ամսուան
հոս
անցուցած
12
օրուան
պատճառաւ
ստիպուած
եմ
այս
փոքր
գումարն
ալ
ճանապարհածախքի
սահմանել,
աճապարելու
պատճառ
մը։
Յուսամ
մնացածը
կը
կարգադրուի։
Հոդ
գալս
ես
դեռ
ոչ
ոքի
գրած
եմ,
եթէ
Դուք
ալ
աշակերտաց
ըսած
չէք,
յանկարծադէպ
մը
կ՚ըլլայ։
Ուղեւորութեանս
համար
խնդրելով
Ձեր
օրհնութիւնը՝
կը
մնամ
տեսութեան
քաղցրութեամբ
խոնարհ
սան
Ձեր
Դ.
Վարուժան