Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

138. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻՆ

19 յուլիս, 1909, Կանտ

Գերապատիւ Հայր,

Ընդունած եմ յունիսի ամսաթոշակս ինչպէս նաեւ 100 ֆրք. քննութեանցս համար, որոյ համար խիստ շնորհակալ եմ։ Յուլիսի վերջերը քննութիւններս կու տամ եւ վկայականս առնելուս պէս կը մեկնիմ Պոլիս եւ անկէ հայրենիք՝ դէպի պայքարը կեանքին եւ գաղափարի յաղթանակին։ Առ այս՝ յուսամ, թէ չէք յապաղիր ուղարկիլ յանձնարարել առաջիկայ ամսաթոշակիս հետ նաեւ ճանապարհի ծախս, որպէսզի փոխադրեմ գրքերուս օրէօր ծանրացած բեռը եւ ես ալ ճամբայ ելլեմ անմիջապէս։ Եթէ ուղարկուի ինծի իբրեւ ճանապարհածախս տարեշրջանիս վերջին երեք ամիսներուն (օգոստ., սեպտ., հոկտ., ) 300 ֆրանքը՝ յուսով եմ, թէ բաւական պիտի ըլլայ, որպէսզի հատուցանեմ քանի մը պարտքերս, հոգամ կարեւոր պէտքերս եւ ի վիճակի ըլլամ ուղի ելնալու։

Ներեցէք այսպէս կարճ եւ չոր գրելուս. միտքս յափշտակուած է դասերէս, որոնք նոյնիսկ հոգիէս կը վանին մօտ օրէն Հայրենիքի հողը համբուրելուս անուշ երազները նաեւ։

Յարգանքներով միշտ խոնարհ Ձերդ
Դ. Վարուժան