Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

159. ՆՇԱՆ ՏԷՐ-ՍՏԵՓԱՆԵԱՆԻՆ

10/23 սեպտ., 1910, Սուազ

Սիրելի Նշան,

Վենետիկէն գրած նամակդ առի։ Բրգնիկէն անցեալ տարի քեզ Պոլիս գրած եմ նամակ մը, որուն պատասխանը չեմ ստացած եւ խորհած եմ, թէ ձեռքդ չէ հասած։

Ուրախ եմ լսելուս, թէ առողջութիւնդ բարւոքուած է, արդէն «Ազատամարտի» մէջ երկար եւ աղուոր գրութիւններդ կարդալով՝ խիստ ուրախացած եմ։ Շարունակէ՛ միշտ, յաջող գրիչ մը ունենալու ամէն ձիրք կը տեսնեմ վրադ։

Սեբաստիոյ մէջ տեսուչ չեմ, այլ ուսուցիչ։ Տեսչութեան պաշտօնը, որքան որ մէկէ աւելի անգամներ առաջարկուած է, սակայն ինչ-ինչ փափուկ խնդիրներու համար չեմ ուզած ստանձնել։ Առանց ատոր ալ թոշակս գոհացուցիչ է եւ աշխատանքս թեթեւ։ Այս տարուոյ շրջանին ալ հոս պայմանաւորուեցայ յաւելումով մը՝ հետեւաբար կը ցաւիմ ըսելու, թէ այդօրինակ պաշտօն մը այժմ պիտի չկրնամ ստանձնել Երզնկայի մէջ։

Կ՚ուզե՞ս կարեւոր լուր մը իմ մասին։ Շաբաթ մ՚առաջ ամուսնացայ եւ արդ մեղրալուսինիս մէջ է, որ քեզի կը գրեմ։ Օրիորդը, որ արդ ուրախ եմ ըսելու՝ որ կինս է, գաւառացիի համեստութեան հետ ունի եւրոպական նուրբ գեղեցկութիւն եւ գրական զարգացում։ Կարող է գոհացնել բանաստեղծի երազս։ Ամուսնութիւնս եղաւ յանկարծակի, սիրային ողբերգութենէ մը վերջ, որ գրեթէ տարի մը տեւեց։ Կատարեալ վէպ մըն է, զոր ապրեցայ Սուազի մէջ՝ անցնելով ես եւ նէ, խիստ վտանգալից, տռամաթիկ եւ իր մանրամասնութիւններուն մէջ շատ վսեմ փուլերէ, որոնց ես տակաւին վէպերու մէջ հանդիպած էի միայն։ Տիկինը, որ Արաքսի կը կոչուի, այժմ կապուած է ճակատագրիս հետ, այդ ճակատագրին երջանկացման համար անշուշտ պիտի բերես, սիրելի Նշան, քու եղբօր մը մաղթանքներդ։ Սոյն լուրը հաղորդէ նաեւ Դերենիկին. եւ եթէ գիտես եւ կը հաճիս՝ տուր ինծի անոր հասցէն, եւ ես անշուշտ կը գրեմ։

Այս տարի թէպէտեւ գրական շատ կտորներ չարտադրեցի, սակայն գրած եմ ուժեղ դիւցազնավէպ մը պատմական դրուագի մը վրայ, որ յուսամ, թէ պիտի գնահատուի։

Չմոռնաս յիշելու բարեւներս յարգելի հայրիկիդ եւ մայրիկիդ, քրոջդ եւ եղբայրներուդ, որոնք բոլորն ալ սիրելի են ինծի, քանի որ քեզ պէս ազնիւ արիւն մը կը կրեն։

Մնամ սիրալիր բարեւներով

Դ. Վարուժան

Յ. Գ. Արդէն այս նամակս գրած էի, երբ Դերենիկէն ստացայ նամակ մը Վենետիկէն գրուած։ Պիտի փութամ պատասխանել։ Խնդրեմ տօքթօր Պազարճեանի մասին ինծի տեղեկութիւններ հաղորդէիր եւ տայիր իր հասցէն։

Քոյդ
Նոյն