Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

33. ՆԵՐՍԵՀ ԱՆԴՐԻԿԵԱՆԻՆ

[7-9 մարտ, 1906, Կանտ]

Սիրելի բարեկամ,

Վերապատուելի Հայր Ներսեհ Անդրիկեան,

Ընդունեցայ Ձեր նամակը։

«Սարսուռներուն» վրայ Ձեր նուիրել ուզած գրախօսականին մասին կանխաւ շնորհակալութիւններս. դարձեալ շնորհակալութի՜ւն այն քանի մը բարեացակամ տողերուն, որոնք «Հայ բժիշկը» բնորոշեցին։

«Սարսուռներուն» երկար գրախօսական մը պ. Չօպանեանն ալ որոշած է նուիրել՝ գուցէ «Անահիտի» ապրիլի թիւին մէջ։ Իր ինծի գրած նամակէն դատելով՝ բաւական քաջալերիչ պիտի հանդիսանայ։ Տեսնանք։ Բայց ինչ որ ալ ըլլայ, բնաւ փափաքս չէ, որ քանի մը չնչին քերթուածներուս շուրջը բարեմիտ խրախուսանքը արժանիք ոստայնակէ։ Ի՛նչ որ է՝ ան։

Ինծի կը գրէք, թէ եթէ իմ գրութիւններէս յանգերը վտարեմ, անոնք աւելի պիտի ընդարձակին եւ գեղեցկանան. այդ մասին Ձեզ համախոհ եմ եւ ոչ թէ, վասնզի անոնք մտածումը կը շղթայեն՝ այլ նոյնիսկ կը քայքայեն մեր շեշտերուն գեղեցկութիւնը։ Յանգը միջին դարէն է, եւ ինչ որ միջին դարէն է ընդհանրապէս՝ բռնապետական է, եւ ինչ որ բռնապետական է՝ է՛ յետադիմական, եւ չէ՞ մի որ յանգը արուեստին բռնաւորն է եւ անոր հոգին կազմող մտածման հետմղիչը։

Միջին դարէն ասդին ամէն յաջորդական նոր սերունդ արդէն կամաց-կամաց սկսած է գահէն թագը խլել, խղճէն՝ բանադրանքը եւ քերթուածէն՝ յանգը։

Եւ հարկ է, որ ես հոս խոստովանիմ, թէ որչափ որ շեշտին գեղեցկութեամբ գինովցած եմ, այնքան յանգին հմայքը չեմ զգացած (բացի մեր չափերու տասնորդին մէջ)։ Ահա՛ ատոր համար է, որ եթէ ոտանաւորներուս մէջ չեմ աշխատած աղքատ յանգ ունենալ, չեմ ալ փափաքեր երբեք անոնց հարստութիւնը։

Եւ հիմա արդէն ես յանգի մոլեռանդութիւնը նետած եմ վրայէս, բացի քանի մը թեթեւ ոտանաւորներու մէջ, ուր անոր ներկայութիւնը մասամբ մը հարկ է բուռն եռանդի ըմբոստութիւնը ջլատելու եւ լեզուն իր նիւթին մեղմութեանը հասցնելու համար։

Յետոյ. չեմ գիտեր, թէ «Սարսուռներու» մէջ ո՛ր աստիճան կատարեալ կամ անկատար է տաղաչափութիւնը եւ եթէ այն արդեօք բոլորովին անխնամ է, թէ կան մէջն անխնամ տողեր, բայց ես այսչափը պիտի ըսեմ, թէ այդ անճոռնի առերեւոյթ արուեստին աւելի աշխատեր եմ, քան թէ գաղափարներու խուզարկումին մէջ։

Ինչո՞ւ. վասնզի նախ՝ ուզած եմ հպատակեցնել ամէն տող առոգանութեան կանոններուն, որ ինք իր մէջ արդէն կը պարունակէ ճշմարիտ գեղեցկութիւն մը, քան հոն զգացումներէ տողերը չափողը, քան թէ օրէնքը, ուր միայն կատարել յաջողած եմ։

Երկրորդ՝ ուզած եմ քիչ թէ շատ շեշտ դնել հոն, [Ձեր] ըսածով ամէն կանոնով դնել [2 անընթ. ] մտածումս՝ առանց այն մկրատելու։

Եւ երրորդ՝ որ է՛ն գլխաւորն է ինծի համար՝ գրել ամենամաքուր աշխարհաբար մը՝ խառնելով միայն գրաբար համարուած լաւագոյն բառեր, որոնց [մէջ իմ կարծիքով] ո՛չ աշխարհաբար մը կայ, ո՛չ գրաբար մը, բայց ամէն սաստկագին թիւը, որոնք երկար գործածումի կարօտ են աշխարհաբար ըլլալու համար (զորօրինակ՝ բազում յոյժ, ընդէ՞ր եւ այլն)։ Եւ աշխարհաբարի մէջ գրաբար ձեւեր չգործածելու համոզումս այս [առիթը] տուած է մէջս, որ կար, մոլեռանդօրէն կը հաւասարի եւ կարծեմ «Սարսուռներու» մէջ հազիւ երկու բառի հանդէպ, որ յոգնակի եաց վերջաւորի։ Ք -ով երբեք յոգնակի չկայ. կը բարձումը կատարեալ բարբարոսութիւն է, որ մեր երբեմն գիշերներ դեռ կ՚ընեն… Թողունք նախդիրին հոլովներու [2 անընթ. ] դեր[բայներու] եալ վերջաւորումների գործածական…։

[Դանիէլ Վարուժան]