Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

182. ԵՐՈՒԱՆԴ ՔՈՉԵԱՆԻՆ

Յունիս, 1913, Պոլիս

Ազնիւ պարոն

Երուանդ Քոչեան,

Ստացայ Ձեր նամակը եւ կարդացի Ձեր քերթուածները։ Ձեր բանաստեղծական կարողութիւնները դեռ կազմաւորման մէջ են։ Բայց որովհետեւ ապագային արժէքաւոր ըլլալու խոստումը կու տան, ուստի այժմէն իսկ, այդ տեսակէտով, արժէք մը ունին անոնք՝ խոստումին արժէքը։ Դուք, ինչպէս կ՚երեւայ, ատակ էք յուզման եւ երեւակայութեան։ Կրճատումներէ խոյս տուէք կարելի եղածին չափ ու ջանացէք նոր նիւթեր գտնել գրելու համար։ Անշուշտ բանաստեղծ ըլլալու համար աշխատիլը անօգուտ է, բայց կայ արուեստը, որ ըստ իս, բանաստեղծութեան չափ արժէք ունի, եւ արուեստը ճիգ մըն է։… Եւ աշխատեցէք աւելի նոր եւ աւելի ինքնատիպ ըլլալ. -Ամէն ինչ մի կարդաք։ Որոճացէք մեծ տաղանդներու վրայ միայն, որոնց շունչը լոկ կարող է մեզ բարձրացնել։

Ընդունեցէք մաղթանքներս Ձեր յաջողութեան

Դանիէլ Վարուժան

Գ. Ե. Խորունկ եւ անկեղծ ցաւակցութիւններս Ձեր աշխարհարժէք կորուստին համար։