Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

10. [ԱՐՍԷՆ ՂԱԶԻԿԵԱՆԻՆ]

[Նոյեմբեր դեկտեմբեր, 1904]

Կ՚ուզէք որ անձնական գաղափարս յայտնեմ։ Իմ մասին Ձեր յղած նամակը ինծի կ՚ըսէ. թող յայտնէ՛ իր դիտողութիւնը, «Գեղունիի» մէջ, Աղանուրէն ըրած քանի մը թարգմանութիւններուս նկատմամբ։

Հայր, ես ի՛նչ կրնամ ըսել. ես դեռ հազիւ խելամուտ բանաստեղծական լեզուին, մինչ ան իմ մէջս տակաւին թոթովանք մըն է. Ձեր մէջը արդէն իսկ երգ մըն է տաղաչափած իտալահայ բանաստեղծուհւոյն իտալահայ երազանքին վրայ, այդ պատմուճանը այդ մուսային վրայ ներդաշնակած է, եւ դիտողութիւնս է հիացումն, եւ հիացումս Ձեզ պիտի գրեմ։

Ամբողջ կարդացի գիր առ գիր, տուն առ տուն, ինչպէս կը կարդացուի երազ մը եւ կամ ինչպէս Ապրիլ մը կ՚երազուի։ Բնութիւն եւ սիրտ, ահա Աղանուրը, որ է՝ գաղափարը սրտին մէջ՝ աչք մը հայ սրտին համար եւ բնութեան մէջ ճառագայթ մը՝ հայ նայուածքին համար՝ ահա Դուք, որ է թարգմանութիւնն։ Գաղափարը վառվռո՜ւն է, վասնզի թարգմանութիւնը վառվռուն է, վառվռո՜ւն է թարգմանութիւնը, վասնզի գաղափարը հայածին է… Իտալահայ բանաստեղծուհին իր մէջ երկու էութիւն ունի. կոյս եւ կին, որոնց մէկը անցեալով կ՚ապրի եւ միւսը ներկայով. առաջինը հայրենական է եւ է՝ հայ. երկրորդը ամուսնական է եւ է՝ իտալացի։ Կոյսը իր երազանքին մէջ իր մամն է կը նկարէ, իսկ կինը՝ առօրեան, այն է ինչ որ պիտի ըլլայ իր թոռնուհին։ «Լեճենտան» կոյս է, ուստի հայ է. կին է (սպասածը), ուստի օտար (դարձեալ երկինքներու բորբոքումով հրավառ)։ Հայ-իտալուհւոյն երազանքին կուսութիւնը մերն է։ Չերկնցնեմ։

Այդ մուսան վերջապէս «Գեղունիի» մէջ ա՛լ աւելի կը ճանչնամ, ծանօթ է ինծի իր հագած տարազը. արեւելեան անդամներուն վրայ իր պատմուճանն արեւելեան է։ Իմ սրտիս ուղղուած իր երգը հայերէնի ամբողջ շնորհքն ունի. դժոխքներու պարոյրին մէջ բոցով եւ Սգոստիոյ դաշտերուն վրայ զեփիւռով սնած զարգացումին գրեթէ միահամուռ շեշտերովն է, որ ան կը հնչէ, ներդաշնակ է՝ միայն թէ զայն երգել գիտնան, զայն ունկնդրել գիտնան եւ ան հասկնալի է. նախապաշարեալ գաղափարով մը յանգերու միօրինակութեամբ տողերու կապանքին տակ, գրաբարի յախուռն ձեւերուն մէջ չէ տաղաչափուած. ահաւասիկ ամենէն աւելի գովելի մասը։ Մէկ խօսքով՝ աշխարհաբարի յաղթ քայլափոխն մըն ալ բարի է «Յաղթանակս»-ի դրօշին նոր ծփանք մըն ալ վսեմ է։

Մնամ ձեռքի շնորհաւորական սեղմումով եւ համբոյրով։
. Չպուգքեարեան]