Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

155. ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ ՔԱՍԳԱՆՏԻԼԵԱՆԻՆ

[14] 27 յուլիս, 1910, Սուազ

Սիրելի Հայր,

(Արիստ. վարդապետ Քասգանտիլեան)

Անշուշտ պիտի սպասէիք, որ գաւառէն գրած այս առաջին նամակս բարեկամական ըլլար սոսկ։ Առայժմ զայդ ուրիշ լայն ժամանակի մը կը վերապահեմ։ Կը գրեմ Ձեզ իբրեւ տեսուչի մը եւ կ՚ընեմ խնդրանք մը, զոր կը յուսամ չէք մերժեր։ Այստեղ կայ պատանի մը՝ Յովհ. Սլիկեան, որուն մայրը բրգնիկցի է եւ հայրը սեբաստացի, ինք 17 տարեկան. ինք շատ կը բաղձայ եւ ծնողքն ալ խիստ թախանձեցին, որ Ձեզ գրեմ ու խնդրեմ, որ ան վարժարանիդ մէջ ընդունուի իբրեւ աշակերտ ձրիավարժներուն շարքին մէջ։ Տղուն ծնողքը աղքատիկ են եւ չեն կրնար դրամով տալ անոր այն ամուր ու առողջ զարգացումը, որուն արժէքը լիովին ըմբռնած են։ Տղան արդէն իր տարիքին պատշաճ կրթութիւն մը ստացած է, եւ Ձեզ կը վստահեցնեմ, որ ան ուսանելու կարողութիւնը եւ դաստիարակուելու դիւրաթեքութիւնը ունի եւ կրնայ քիչ ատենէն զՁեզ գոհ թողուլ։

Ես խիստ ուրախ պիտի ըլլամ, ինչպէս նաեւ պատանին եւ իր ծնողքը, եթէ Մխիթարի օրօրանին եղած այս բարենպատակ առաջարկը չմերժուի։

Մնամ յարգալիր բարեւներով
Ձեր խոնարհ ձեռնասուն
Դ. Վարուժան