Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

135. «ՍԱՍՈՒՆ» ԱՄՍԱԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ

16 ապրիլ, 1909, Կանտ

Կը փութամ յայտնելու շնորհակալութիւնս «Սասուն» ամսաթերթին համար, որուն անդրանիկ թիւէն օրինակ մը ինծի ղրկելու պատիւն ըրած էիք։ Հաճոյքով կարդացի, հաւատացէք, որ ճշմարիտ գրականութեամբ մը խմբագրուած էր ան։ Այդ առաջին թիւը արդէն մէկ կորովի քայլն էր դէպի Ձեր առաջադրած նպատակը։ Կը մաղթեմ որ ոչ մէկ արգելք Ձեզ չկասեցնէ Խօսքին հունտը ցանելու համար մեր կոյս ցեղին անմահական ծոցին մէջ կամ հնչեցնելու անոր դառնացած հոգիին դիւցազնօրօր Երգը, Երգը, որ քերթողներուն կեանքին նպատակն է, իսկ ազգի մը անմահութեան միջոցը։

Կրկին շնորհակալութեամբ՝ յարգանքներով

Դանիէլ Վարուժան