Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

128. [«ԱԶԴԱԿԻ» ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆԸ]

[15-18 յունուար, 1909, Կանտ]

Ընդունեցայ «Ազդակի» 1-2 թիւը եւ քիչ վերջ Ձեր նամակը՝ գրուած ի դիմաց խմբագրութեան։

Շնորհակալ եմ Ձեր ասպնջականութեան պատուին։ Չէք սխալուիր, եթէ իմ մէջ տեսնէք համակրող մը եւ ստէպ ալ Ձեզ ուղեկից՝ դէպի մորթազերծուած մարդուն երջանկացումը եւ հայութեան յաղթանակը։

…Անհրաժեշտ էր որ ազատամիտ երիտասարդութիւնը փաղանգուէր Գեղեցիկին եւ Արդարութեան կռուին համար։ Գեղեցիկ կռիւը «Ազդակի» նշանաբանը տեսնելու հրճուանքն ունիմ։ Գեղարուեստին ծագումը կը սկսի զէնքերու դրուագումով։ Եւ ա՛յդ արդէն մեծ արուեստն է, մինչեւ իր յաղթանակը, որ մարդ էակին յաղթանակն է նաեւ, անիկա այդպէս պիտի ըլլայ՝ ընդհարել եւ յղկել։ Հայ ժողովուրդը՝ հերոս, ստրուկ, նահատակ, դեռ նոր ելած առաջի կրկէսէն, արիւնոտ է, քրտնաթոր եւ տապահեղձ ու հոգեւին ծարաւն ունի իր մէջ։ Լոյսի կուժը անհրաժեշտ է մօտեցնել իր շրթունքներուն, կուժ մը, որ մաքուր եւ ազատաօդ աղբիւրներու մէջ միայն մխրճուած ըլլայ։ Մինչդեռ այսօրուան Պոլսոյ գրական խառնիճաղանջին մէջ ոչ թէ մաքուր ըմպելին, այլ պղտոր եւ կեղծուած օշարակն է, որ կը պատրաստուի։ Սխալ է կարծել, թէ մեր թրքահայ գրականութիւնը վերածնած ըլլայ. մաշած անիւն է, որ կը դառնայ ու կը դառնայ ներկայիս այս տարբերութեամբ, որ իր ճռճռոցին եղանակը փոխուած է… Գուցէ այդ ալ իր օթեկութեան պատճառաւ։ Կարելի ալ չէ յանցանքը իրեն վերագրել։ Յանցանքը հայուն ճակատագիրն է։ Ասկէ՛ վերջ միայն ճշմարիտ արուեստ մը պիտի ծնանի՝ հայկական դրոշմով եւ համամարդկային գաղափարներու ուղեւծուծով։ Պ. Քիյար լաւ կը շեշտէ զայդ իր հայ երիտասարդութեան գրած յօդուածով։

Եւ ես կը հաւատամ եւ կը հաւատամ գիտակցապէս, թէ «Ազդակը» ատոր ազդանշանը պիտի ըլլայ՝ քայլ առ քայլ դիմելով դէպի կուռ գրականութիւն մը եւ ազատական, ընկերական հարցերու վերլուծողութիւն մը։

Ազնի՜ւ ընկերներ, արդէն գեղեցկին եւ ճշմարտին դրօշակի ձեր ափին մէջ կը տեսնեմ եւ ձեր աչքերուն մէջ կը կարդամ խիզախ չափչփումը յաղթանակի լեռնալանջին։ Յառա՜ջ։

Իսկ իմ մասին՝ ես ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ կարողանամ գոնէ այդ դրօշին մէկ ծոպը վեր բռնել եւ ի հարկին սրբել անով թշուառի մը արտասուախառն քրտինքը։

Դ. Վարուժան

Յ. Գ. Առայժմ մտքիս [գաւեն] նոփնոր գրութիւն մը չունիմ։ Համալսարանական աշխատանքներս ժամանակս կը հակեն, եւ քիչ ժամանակ կը ձգեն ինձ երգելու։ Կ՚ուղարկեմ հերուան գրած երգ մը` յուսալով, որ զձեզ դժգոհ պիտի չթողու։

Նոյն