148.
ԹԷՈԴԻԿԻՆ
[Յունուար,
1910],
Սուազ
Կարդացի
«Տարեցոյցդ»,
որուն
ընդհ[անուր]
տպաւորութիւնը
ցոլացած
կը
գտնեմ
ճաշակիս
հայելիին
մէջ։
Չքնա՜ղ
հանրագիտակ՝
ո՛չ
միայն
գր[ական]
ու
գիտ[ական]
սեռերուն,
այլ
մաքրութեան
եւ
կոկկութեան
բոլոր
յատկութեանց։
Անօգուտ
կը
համարեմ
յաջորդին
համար
ատկէ
կատարեալը
մաղթելու
քեզի։
Դանիէլ
Վարուժան
«Լուսաբեր
գրախանութ»
ՍՈՒԱԶ