Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

24. ԴԵՐԵՆԻԿ ՃԻԶՄԵՃԵԱՆԻՆ

6 փետրուար, 1906, Կանտ.

Սիրելի Դերենիկ,

Կը գրես, թէ կատարեալ դեմոկրատ եղած ես. այդ յատկութիւնը աւելցնելով եղբայրական զգացումիդ վրայ՝ ինծի համար ամենազօրեղ ազդակը կը ստեղծեմ մեր թղթակցութեան անվրէպ պահպանումին (հոգ չէ, թէ ան մերթ ուշանայ)։

Գաղղիերէն գրքերու մասին պիտի չկրնամ քեզ շնորհքով ծառայութիւն մը մատուցանել. գրավաճառներու քով ֆլամաններն ու դասականները լեցուն են եւ քանի մը փուճ ու մուճ վէպեր։ Երկու շաբաթ է Պոտլեր եւ Հիւկոյի մէկ գիրքը կը փնտռեմ, ու ինծի գրադարաններու փոշին ցոյց կու տան, կը ցաւիմ եւ կ՚ամչնամ քեզմէ խնդրել (առանց կարենալ քեզ օգտակար ըլլալու) Ատա Նեկրիի «Fatalita» [1] հատորը. ղրկէ ան ինծի եւ հաշիւը հետը։ Տխուր լուր մը գուցէ լսած ես. Գ. Թարխանեանը Մ. Տէր-Յովհաննէսեանի հետ բանտի մէջ մեռած են գտնուած. բնական է թուրքերը կ՚ըսեն, թէ անձնասպան են եղած՝ իրենց ստոր դաւը ծածկելու համար։ Պաշտո՜ւմ իրենց, շիրիմին։ Նամակէդ կը սպասէի, որ վարժարանին քաղաքականութիւնը գրէիր. ի՞նչ լուրեր կան մեր վրայ։ Յետոյ Տեօքը ի՞նչ կ՚ընէ, իր տեղեկութիւնները տուր։ Խամպեկօֆէն շատ ողջոյններ։ Միշտ քեզ սիրող եղբայրդ

Դ. Վարուժան



[1] Ճակատագիր