140.
ԱՐՇԱԿ
ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ
25
յուլիս,
1909,
Կանտ
Սիրեցեալ
բարեկամ,
Կը
փութամ
հաղորդակից
ընել
քեզ,
իբրեւ
մին
ամենասիրելի
բարեկամներէս,
զգացած
գոհունակութեանս
(չըսեմ
հրճուանքիս),
զոր
վերջին
քննութեանցս
յաջողութիւնը
ինծի
առթեց։
Ուսանողական
կեանքս
վերջացաւ,
առի
տիպլոմս
Licencié
en
sciences
politiques
[1]
տիտղոսով։
Կը
թողում
ասպնջական
Ֆլանտրան
վաղը
(երկուշաբթի)
ու
կ՚անցնիմ
Վենետիկ,
յետոյ՝
Պոլիս
եւ
յետոյ՝
Բրգնիկ,
Սեբաստիայի
Սեւ
հողերուն
վրայ
թողելու
դրոշմը
պանդխտական
ոտքերուս։
Դեռ
չեմ
կարող
որոշ
ըմբռնել,
թէ
Եւրոպան
ի՛նչ
հետքեր
թողած
է
ըղեղիս
եւ
վարուելակերպերուս
վրայ։
Արեւելքի
հետ
մօտալուտ
շփումս
պիտի
յայտնէ
թէ
ի՛նչ
բան
Արեւմտեան
կայ
մէջս
եւ
թէ
արդեօք
բարերար
է
այդ
ազդեցութիւնը
թէ
յոռի։
Առայժմ
միայն
մէջս
այն
գոհունակութիւնը
ունիմ,
որ
ուսանողութիւնս
արգասաբեր
ըրի
որչա՛փ
որ
տկար
ուժերս
ներեցին։
Եւ
երբ
այսօր
ծրարներս
կապեր
եմ
եւ
ցուպս
կտրեր՝
կ՚զգամ
թէ
Կեաքին
ճամբորդութեան
կը
պատրաստուիմ։
Այս
նկատմամբ
Ձեր
վերջին
քարտին
մէջ
գրած
մաղթանքները
եւ
յոյսերը
դէպի
նպատակս՝
լաւագոյն
օծումն
են
կամքիս
եւ
լաւագոյն
խթանը՝
դէպի
իտէալի
բագինները
եւ
իրականութեան
կրկէսը։
Այժմէն
հասցէս
կրնամ
տալ,
ուր
ղրկեցէք
«Անահիտ»
կամ
նամակ։
Daniel
Tchiboukkearian
(Դանիէլ
Չպուգքեարեան)
Pirkinik
Sivas
Turquie
d՚Asie
Առայժմ
մնաք
բարեաւ,
սիրելի
պր.
Չօպանեան,
հայրենական
հողէն
կը
գրեմ
դեռ։
Ձերդ
սիրով
Դ.
Վարուժան
[1]
Լիցենիատ
(թեկնածու)
քաղաքական
գիտութիւնների։