192.
ՎԱՐԴԳԷՍ
ԱՀԱՐՈՆԵԱՆԻՆ
26
մարտ,
1914,
Պոլիս
Ս.
Գրիգոր
Լուսաւորիչ
վարժարան
Ձեր
նամակը
ստացած
եմ։
Ճիշդ
է,
որ
անձամբ
ծանօթ
չենք
իրարու,
բայց
երբ
գրողները
կը
կարդան
մէկզմէկու
գրուածքները,
կը
խորհիմ,
որ
իրարու
հետ
քիչ
մը
հաղորդակցութեան
մէջ
կը
մտնեն։
Այսպէս
եղած
պիտի
ըլլայ
մերն
ալ։
Թող
թէ
երբ
Ձեր
պատուական
հայրը
վերջերս
Պոլիս
եկաւ,
խօսեցաւ
ինծի
Ձեր
վրայ,
ըսաւ,
թէ
ինչպէս
ասպարէզ
իջած
էիք
արուեստս
պաշտպանելու
համար
այն
ճղճիմ
քննադատութեան,
կամ
լաւ
եւս
ամբաստանութեան
դէմ,
զոր
բանաեղծ,
թէեւ
կարող
թատերգակ
Շիրվանզատէն
կը
շպրտէր
երեսիս
աչքերը
փակած։
Այդ
մասին
Ձեր
գրածները
անձամբ
կարդալու
առիթը
չեմ
ունեցեր,
եւ
այս
պատճառ
մը
չէ,
որ
ներկայիս
չյայտնեմ
Ձեզի
իմ
շնորհակալութիւններս։
Իմ
մասին
ատենախօսութիւն
մը
պիտի
ընէք,
ազնիւ
էք։
Այդ
առթիւ
կ՚ուզէք
ունենալ
իմ
հրատարակութիւններս,
անոնք,
որ
Ձեզ
անծանօթ
են։
Աւելին
չունիմ,
ինչ
որ
թուած
էք,
ամբողջ
է,
բացի
«Հեթանոս
երգերէն»՝
առնուած
«Հարճին»
ֆրանսերէն
թարգմանութենէն,
զոր
կ՚ուղարկեմ
Ձեզի
այս
թղթաբերով։
Կ՚ուզէք
կենսագրական
մի
քանի
գիծերս։
Կը
ցանկանամ
Ձեզի
գոհացում
տալ։
Կ՚ըսէք
կեանքս
մինչեւ
1902
թ.
Ձեզի
ծանօթ
է
արդէն։
Սոյն
թուականին
է,
որ
տեղուոյս
Մխիթարեան
հայրերուն
Քաղկեդոնի
վարժարանը
աւարտելէ
յետոյ
կ՚ուղակուիմ
Վենետիկ
Մուրատ-Ռափայէլեան,
ուր
կը
մնամ
չորս
տարի։
Հոն
է,
որ
կը
գրեմ
«Սարսուռները»։
Ամբողջովին
կը
զգամ,
թէ
Վենետիկը
ազդած
է
վրաս
իր
գոյներու,
ստուերներու
եւ
լոյսերու
յարափոփոխ
գանձերով։
Քաղաք
մը,
ուր
առանց
պատկերի
մտածել
կարելի
չէ։
Մխիթարեանները
սիստեմատիկ
ազդեցութիւն
չեն
ներգործած
հոգիիս
վրա։
Հոն
ունեցած
եմ
ոչ
կարող
ու
ոչ
աշխատող
հայերէնի
ուսուցիչ։
Կարդացած
եմ
Ալիշանը
ու
տեսած
եմ
իր
գերեզմանը,
եւ
այսքան։
Բայց
առիթը
ունեցած
եմ
ուսումնասիրելու
իտալական
գրականութիւնը
եւ
յետոյ
մեծամոլ
խոկումներ
ունեցած
եմ
միշտ
գունածփիկ
ու
հրաշափառ
քաղաքին
մէջ,
ուր
վերջալոյսները
ժամերով
ոսկի
ու
արիւն
կը
հոսեն
լռանիստ
ջրանցքներուն
մէջէն։
Եւ
յետոյ
այդ
չորս
տարիները
ինծի
համար
եղած
են
նաեւ
ըմբոստացումներու
տարիներ
ընդդէմ
վարժարանական
անմիտ
վարչութեան
մը,
զոր
վերջիվերջոյ
կրցած
ենք
տապալել
կարգ
մը
ռուսահայ
եւ
թրքահայ
ընկերներու
հետ։
Հոն
էր,
որ
առաջին
անգամ
քերթուած
մը
«Ալիշանի
շիրիմին
առջեւ»
հրատարակութեան
կու
տայի
«Բազմավէպին»
մէջ։
Շրջանաւարտ
ըլլալէն
յետոյ՝
դժուար
եւ
վտանգաւոր
էր
երկիր
վերադառնալ,
եւ
ես
անցայ
Պելճիքայ,
Կանտ
քաղաքը
ու
հոն
յաճախելով
հանդերձ
գրականութեան
դասընթացներուն՝
կանոնաւորապէս
հետեւեցայ
քաղաքական
եւ
տնտեսական
գիտութիւններուն,
զոր
աւարտեցի
չորս
տարի
վերջ։
Կանտը
բանուորական
եւ
միեւնոյն
անգամ
կենսուրախ
քաղաք
էր։
Ֆլաման
կեանքն
ու
գեղարուեստը
թերեւս
եղան
պատճառ,
որ
արուեստս
հակեր
է
դէպի
իրապաշտութիւն։
Ձեզի
ծանօթ
ըլլալու
են
աննպաստ
պայմաններու
մէջ
գտնուող
հայ
ուսանողի
մը
բոլոր
տառապանքները,
նիւթական
ու
բարոյական
արկածախնդրութիւնները։
Կրնամ
ըսել,
թէ
ամենէն
խոր
անձնական
տառապանքները
ես
կրեցի
Կանտի
մէջ։
Սակայն,
1904-1907
շրջանն
էր,
երբ
հայութիւնը
կը
խեղդուէր
սուրի
եւ
սովի
մղձաւանջին
մէջ,
ու
ես
չուզեցի
տեղ
տալ
իմ
անհատական
ցաւերուս,
գրեթէ
բռնի
լռեցուցի
իմ
սիրտս
ու
նախընտրեցի
երգել
Ցեղին
սիրտը,
որուն
բախիւնները
կը
զգայի
իմ
մէջս,
իմ
սեփական
արիւնիս
խորը։
Հայութիւնը
կու
լար
եւ
կը
մռնչէր
իմ
մէջս,
եւ
երգերս
դուրս
կու
գային
օտար
երկնքի
տակ՝
կարօտի
լարովը
միայն
կապուած
մեր
երկրի
հողին
եւ
մարդուն
հետ։
Սակայն
տեսած
էի
Եւրոպան։
Օգտուելով
տեղւոյն
հսկայ
գրադարանէն՝
կարդացեր
էի
հնդիկներէն
մինչեւ
Հոմեր
եւ
Հոմերէն
մինչեւ
Մեթերլինկ։
Հոգիիս
վրայ
բոցի
մը
լեզուին
պէս
զգացած
էի
բանուորներուն
աղաղակները
մէկ
կողմէն,
ու
միւս
կողմէն՝
շուայտ
ու
արբեցող
կեանքը,
իզուր
թաքնւող
բոզացումները
բարոյիկ
համարուած
փարթամ
ընտանիքներուն։
Եւ
ահա
ասոնք
բոլորը՝
ստորագծուած
յիշողութեանս
մէջ
եւ
միացուցած
հին
յունական
ու
հռոմէական
կեանքին
վերյիշումներուն,
յանգեցայ
գրել,
երբ
որ
Երկիր,
իմ
գիւղս
վերադարձայ,
«Հեթանոս
երգերը»։
Օսմանեան
սահմանադրութեան
երկրորդ
տարին՝
1909-ին
էր,
որ
ես
անցայ
հայրենիք։
Երկու
տարի
ուսուցչութիւն
ըրի
Սեբաստիոյ
ազգային
Արամեան
վարժարանը
եւ
բնակեցայ
իմ
գիւղս՝
Բրգնիկ։
Սիրեցի
հոն
սեբաստացի
հայուհի
մը,
որ
յետոյ
իմ
կինս
եղաւ
եւ
ինծի
տուաւ
երկու
զաւակ՝
Վարուժնակ
ու
Արմէն։
Երրորդ
տարին
(1911-1912)
անցայ
Եւդոկիա
(Թոքաթ)
դարձեալ
ուսուցչական
պաշտօնով։
Գաւառի
երեք
տարուան
կեանքս
ջղայնացնող
պայքարում
մը
եղաւ
ընդդէմ
նախապաշարումներու,
ժողովրդական
տգիտութեան
եւ
կուսակցական
խօլութիւններու։
Սակայն,
ստիպուած
նիւթական
դժուարութիւններէ,
զոր
բազմանդամ
ընտանիք
մը
կը
պարտաւորէ
վրաս,
ահա
երկու
տարի
է,
որ
Պոլիս
անցած
եմ
եւ
կը
վարեմ
վարժարանի
մը
տեսչութիւնը։
Այժմ
կը
գրեմ
«Հացի
երգը»,
որ
յուսամ
տարիէ
մը
լոյս
կը
տեսնէ.
այդ
հատորին
մէջ
երգուած
պիտի
ըլլան
հայրենի
հողը,
մշակներու
աշխատութիւնը
եւ
գիւղական
կեանքի
խաղաղ
մեծութիւնները։
Հաճելի
է
ինծի
միշտ
լարերս
փոխել
եւ
վերանորոգուիլ
արուեստիս
մէջ,
եւ
եթէ
մուսաները
չլքեն
զիս՝
դեռ
պիտի
կրնամ
շուարեցնել
իմ
կարգ
մը
ակնոցաւոր
քննադատները,
որոնք
արուեստի
գործ
մը,
բանաստեղծութիւն
մը
կը
քննասիրեն
որոշ
սկզբունքներու
ուղղութեամբ,
որ
իրենցն
է,
իւրաքանչիւրինը
առանձնապէս։
Ահա,
ազնիւ
պարոն,
իմ
կեանքիս
մասին
ըսի
Ձեզ՝
ինչ
որ
կարելի
էր
ըսել
եւ
որչափ,
որ
անցեալի
վերյիշումները
կրցան
զիս
խանդավառել
այս
տողերուն
մէջ։
Պիտի
ցանկայի
միայն,
որ
երբ
խօսիք
եւ
աւարտէք
Ձեր
ատենախօսութիւնը,
զայն
տեսնէի
գոնէ
իր
հիմնական
գիծերուն
մէջ։
Կը
մաղթեմ
Ձեզ
յաջողութիւն
եւ
կը
մնամ
Սիրալիր
բարեւներով
Դ.
Վարուժան