Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

112. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

25 մայիս, 1908, Կանտ

Սիրելի պ. Չօպանեան,

Ներեցէք Ձեր քարտին ուշ պատասխանելուս։ Ուրախ եմ որ «Արմենուհիին» հաւներ էք. Ձեր փափաքին համեմատ կրնաք աշնան «Անահիտին» մէջ հրատարակել։ Տենդագին քննութիւններուս կը պատրաստուիմ. եթէ պատրաստ ըլլամ՝ կ՚ուզեմ յուլիսին տալ վերջացնել, որպէսզի երկու ամիս ազատ ըլլամ ոտանաւորներս կարգի դնելու եւ ձմռան սկիզբը հրատարակելու ամբողջովին։ Եթէ «Ջարդը» ծախուի-վերջանայ՝ պիտի միացնեմ հաւաքածոյին։ Յուսամ, թէ դեռ քանի մը կտոր ալ նոր կը գրեմ. բոլորովին կարդացուած հատոր մը՝ լոյս չընծայելու համար։ Եթէ մեկենաս մը գտնեմ, կ՚ուզեմ շքեղ հատորով մը վերջ դնել հայրենասիրական քերթուածներուս։ Արդէն ծրագիր դրած եմ բանաստեղծութեանց ուրիշ շարքի մը, բոլորովին մտերմական եւ ապրուած, որոնցմէ ժամանակին մերթ ընդ մերթ «Անահիտին» նմուշներ կը ղրկեմ։

Հայրենիքի վշտին համար՝ երկար ատեն սրտիս մէջ ճնշելով է, որ կը սնուցանեմ նոր զգացումներ եւ կրքեր. ժամանակ մըն ալ ինձ քաղցր է իմ գրիչս իմ սրտիս մէջ թաթխել։

Կ՚սպասեմ Ձեր գրական նորութիւններուն, որոնց որոշեցիք ձեռնարկել։ Ես այնպէս կը յիշեմ, թէ հին «Անահիտներուն» մէկին մէջ կարդացած եմ Աբովեանի կենսագրութիւնը. կրնայ ըլլալ սխալիմ։ Եթէ այնպէս է՝ մեծ հաճոյք պիտի ընէք ինծի այդ թիւը ուղարկել. կարդալէս վերջ անմիջապէս կը վերադարձնեմ։ Մտադիր եմ իր վրայ վիպերգ մը գրել, հոգեբանական կտոր մը գուցէ։

Ընդունեցէք համակրութիւններս

Ձերդ սիրով
Դ. Վարուժան