45.
ՆԵՐՍԵՀ
ԱՆԴՐԻԿԵԱՆԻՆ
10
մայիս,
1906,
[Կանտ]
Առ
Վերապատուելի
Հայր
Ներսեհ
Անդրիկեան,
Կարդացի
Ձեր
ողջամիտ
գրախօսականը
«Սարսուռներու»
մասին։
Գուցէ
Դուք
անկողմնակալ
քննադատած
էք,
բայց
ես
գտայ
անոր
մէջ
միշտ
բարեկամի
մը
սիրտը,
որուն
համար
աւելի
պարտական
եմ
իմ
շնորհակալութիւններս
ջերմօրէն
եւ
անկեղծօրէն
յայտնել։
Հատորիկը
արժանի՞
էր
այդ
քննադատութեան
—
չեմ
գիտեր
—
բայց
Ձեր
քննադատութիւնը
արժանի
էր
կարդացուելու.
երջան[կութիւն]
է
ինծի
դեռ
ճամբուն
սկիզբը
գտնել
այսպէս
գօտեպնդող
ձեռքերը,
անոնց
սեղմումին
մէջ
կը
զգամ
մռայլ
բաբախում
մը.
ապագայի
մեծ
սա՞ղմն
է,
թէ
անցեալի
ափ
մը
մոխիրը
—
վերջինը,
իմ
գուցէ
յոռետես
նայուածքով…
լռենք…
Կրկին
շնորհակալութիւններ։
Ձեր
ցորենը
ժայռի
վրայ
չէք
նետած։
Միշտ
Ձերդ
[Դ.
Վարուժան]