Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

161. ԴԵՐԵՆԻԿ ՃԻԶՄԵՃԵԱՆԻՆ

5 հոկտեմբեր, 1910 Սուազ

Սիրելի Դերենիկ, Վերջին նամակդ ընդունեցայ. ուրիշ երկու հատ եւս ուղարկեր ես, անոնցմէ մին եւս ստացայ կարծեմ, կարծեմ. վասնզի կեանքիս բոլոր տա[ռա]պանքներն ու չափազանց աշխատութիւններս գլուխս տարած են։ Մի՛ կասկածիր բնաւ, որ քեզ մոռցած ըլլամ, այդ անկարելի է. դու սրտիս մէջ կը քնանաս, եւ հազիւ թէ զբաղումներս օձիքս թող տան՝ դարձեալ աչքերդ կը բանաս եւ կը խօսակցիս մենաւոր ժամերուս մէջ ամենէն անխառն զգացումներուս հետ։

Շատ ուրախացայ՝ լսելով, որ նորէն Եւրոպա ոտք կոխեցիր։ Այդտեղ նոյնիսկ տառապիս ալ՝ տառապանքը կը բարձրացնէ զքեզ, իսկ հոս գաւառը. ո՛հ, Դերենիկ այստեղ բանաստեղծի տեղ չէ։ Հայրենիքն անուշ է, այո՛, բայց մեր հայրենակիցները գռեհկացած են լուծին տակ, ո՛ւր մնաց դասական հայութիւնը. աւերակներու աճիւններուն մէջ փնտռելու է զանոնք։

Ես հոս հազիւ հասայ՝ տուին ուսուցչական պաշտօն մը։ Այժմ օրը 2 ժամ դասաւանդութիւն ունիմ ու կը ստանամ 5 օսմանեան։ Գործ մը՝ որ ապագայ չունի, բայց… եղիցի կամք Հայրենեաց։

Նորութիւն կ՚ուզե՞ս կեանքէս։ Ամուսնացայ շատ տռամաթիք իրադարձութիւններէ յետոյ։ Հոս տարի մը ապրեցայ եւ վէպ մ՚ապրեցայ։

Մտքի եւ սրտի ինչ-ինչ յատկութիւններով օժտուած օրիորդ մըն էր առածս՝ Արաքսի, զոր ես կը սիրեմ Արաքսիա կոչել, այժմ կեանքիս անբաժան ընկերն է։ Եթէ Մուսաս է ան ըսեմ՝ աւելի ճիշդ խօսած կ՚ըլլամ, վասնզի կ՚երեւակայես անշուշտ, որ ես ներշնչող էակ մը միայն կրնամ ինծի կին առնել։

Այժմ աւելի բանախօսութիւններով կ՚զբաղիմ, քան թէ բանաստեղծութեամբ. թէպէտ հզօր բեմախօս մը եղած եմ, սակայն միշտ քերթելը աւելի նախամեծար է ինծի։

Դերենիկդ իմ, կարելի է առաջիկայ ամառ կնոջս հետ անցնինք Պոլիս, այժմ կ՚ուսանիմ թուրքերէն. վերջապէս աւելի շահաւոր ասպարէզ մը գտնելու համար, վասնզի, Դերենիկ, կամ կեանքը լիովին վայելելու է կամ անիծելու է բոլոր մեր աշխատութիւնները, որոնք խլեցին մեր առոյգ հասակին բոլոր վարդերը։

Ե՞րբ կը տեսնուինք. դու ստեղծէ այդ պարագան։

Նամակիդ մէջ կը տեսնուի, որ հարկադրուած ես իտէալը երբեմն զոհել յանուն իրապաշտութեան։ Ապրի՛ս, Դերենիկ, չեմ հեգներ. այս նիւթի աշխարհին մէջ ոչ ճառագայթ, այլ ժայռ ըլլալու է։ Կը մաղթեմ քեզի անխորտակելին։

Մնամ կարօտովդ տոչոր

Դանիէլ Վարուժան