Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

27. ՍՈՒՔԻԱՍ ԷՓՐԻԿԵԱՆԻՆ

11 փետրուար, 1906, Կանտ

Հայր Էփրիկեան,

Ստացայ Ձեր նամակը։

Եթէ բուն Ձեր անձը չեմ ճանչցած, այդ մասին ներողութիւն կը խնդրեմ։ Բայց եթէ խնդիրը իր ամէն կէտերով շօշափէք. պիտի տեսնէք, որ արժանի է ան մարդուն բիբերը կայծկըլտացնելու։ Գործը ինծի համար պարզ է. բայց Ձեր սիրտը չեմ գիտեր. եթէ կ՚ուզէք, որ զայն այս խնդիրներէն չդատեմ ցոյց տուէք ինծի, եւ ես անոր առջեւ պիտի խոնարհիմ։ Բաւ է, որ անդունդին մէջ բարութեան սին կայծոռիկ մ՚ալ շողայ, հոն գլուխս բաց կ՚իջնամ եւ ժպտուն։

Հասցէս նոյնն է։

Ստակի մասին բնաւ վարժարանին չդիմէք. ան արդէն բաւական անձնանուէր եղած է ինծի. չեմ ուզեր աւելի նեղութիւն տալ։

Կը գրէք, թէ 500 օրինակը պիտի ղրկէք, բայց հարկ է ոեւէ ծախքերու համար 60 ֆրանք վճարել։ Լա՛ւ։

Զայն հատուցանելու մասին կը վստահեցնեմ զՁեզ, սակայն անմիջապէս անկարելի է. 60 ֆրանքի այդ գումարը վճարելու համար նախ հարկ է 60 օրինակ ծախեմ հոս։

Բայց չուզելով Ձեզի անվստահ կարծիքներու մատնել, կարող եմ հոդ 100 օրինակ թողուլ, այդպէսով աւելի շուտ կրնաք Ձեր դրամն ստանալ, քանի որ Վանքի հասցէն աւելի հանրածանօթ է, քան թէ իմինը։

Մէկ խօսքով՝ որոշեցէք ազատօրէն՝ կամ 60 ֆրանք առնել ինձմէ, որուն ամբողջապէս վճարումը կը խոստանան ինձ. ե՞րբ չեմ կարող ըսել. եւ կամ վար դնել 100 օրինակ, որուն վրայ աւելի արդիւնքով վստահ էք եւ ապահով։

Ինծի համար երկուքն ալ նոյնն է։ Եւ եթէ այս երկրորդ միջոցը Ձեզ կ՚առաջարկեմ՝ անոր համար, որ շուտ վերջանան այս յոգնեցուցիչ խնդիրները։

Որոշեցէք եւ շուտ ղրկեցէք արկղը ճեպընթացով. փորձով գիտեմ, թէ կարծածին չափ սուղ չըլլար։ Ղրկեցէք ուղարկումի հաշիւը։

Եթէ ինծի գրելու առիթ ունենաք՝ կը խնդրուի ըսել, թէ քանիի՞ կը ծախուի «Գեղունին»։

Մնամ Ձերդ
. Վարուժան]