Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

191. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

18 փետր., 1914, Կ. Պոլիս

Սիրեցեալ բարեկամ,

Ներկայ թղթաբերով կ՚ստանաք օրինակ մը «Նաւասարդէն»։ Յուսամ պիտի գնահատէք անոր՝ կարելի եղածին չափ խնամուած խմբագրութիւնն ու տպագրութիւնը։

Կը հաւատամ Ձեր բազմազբաղ եւ բեղնաւոր ժամանակին, բայց անգամ մը եւս, յամառ, կու գամ ջերմօրէն խնդրել որ յառաջիկայ Տարեգրքին համար կտոր մը ղրկէք ինծի։ Կը տեսնէք, որ Ձեր թանկագին գրչին արտադրութիւնը անշուք էջերու մէջ պիտի չլքուի, եւ միւս կողմանէ անիկա մեզի քաջալերութիւն պիտի ըլլայ եւ ընթերցողներուն համար՝ անակնկալ բերկրանք մը։

Խորունկ սէրս Ձեր մասին՝ թող պարտադրէ Ձեզ։

Մաղթելով Ձեզ քաջողջութիւն եւ խնծիղ

մնամ սիրալիր բարեւներով
Դանիէլ Վարուժան