Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

12. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

7 դեկտ., 1905, Կանտ

Մեծապատիւ Տէր,

Ներփակեալ Ձեզ կը յղեմ քերթուած մը եւ «Անահիտի» մէջ, անկիւն մը, անոր հրատարակութիւնը կը խնդրեմ։ Հոգուոյս մէջ զիս անհանգիստ կ՚ընէին այդ քանի մը տողերը. Ձեզի կը յանձնեմ զանոնք։ Ունի՞ն ներշնչման նորութիւն, կա՞յ վսեմ կիրք, կա՞յ ինքնուրոյն արուեստ իրենց ծնունդին մէջ, իրենց գոյներուն մէջէ անցա՞ծ է արեւելեան վերջալոյս մը. չեմ գիտեր։ Թող Ձեր հիւրընկալութիւնը անաչառ ըլլայ. խրախուսելու իղձը արժանիք չստեղծէ։

Յետոյ.

Պիտի փափաքէի որ ինծի ղրկէիք Ձեր հայերէնէ գաղղ[իերէն] թարգմանութիւններուն անունները իրենց գիներով, որոնք հոս շատ մը օտարականներու առջեւ այնքա՛ն ազդեցութիւն պիտի ընեն՝ որքան (կռուփի սեղմումով կ՚ըսեմ զայս) երկրորդ հայկական ջարդ մը պիտի չընէր…

Մաղթելով Ձեզի տակաւին գրական նոր-նոր բեղնաւորութիւններ. մնամ յարգանքներով։

Դանիէլ Վարուժան
Դանիէլ Չպուգքեար

Հասցէս է՝ այս վերջին ճշգրիտ անուամբս.

Avenue des Arts. N27

(Belgique) Gand