41.
ՍՏԵՓԱՆ
ՍԱՐԵԱՆԻՆ
15
ապրիլ,
1906,
[Կանտ]
Զատիկ
Սիրելի
մեծ
Հայր,
Այսօր
Զատիկ
է.
ամենամեծը
բոլոր
տօներուն.
վերջին
յաղթական
արարուածը
Քրիստոսի
կեանքին։
Ապրիլը
բլուրներուն
վրայ
կը
ժպտի,
յարութիւնը
վերածնող
օդին
մէջ՝
գուցէ
աստուածորդուն
յարութիւնը
աւելի
պանծացնելու
համար՝
գուցէ.
բնութեան
այս
ծլարձակումին
մէջ
որքա՜ն
քաղցր
է
բարեմաղթութիւններ
ընել.
կը
մտածեմ
թէ,
մանուկ
ըղեղը
դաստիարակին
յանձնուած
ժամուն,
Ապրիլի
վիճակին
մէջ
գտնուելուն,
մտքի
մշակները
այդ
ամիսը
շատ
կը
սիրեն.
ուստի,
սիրելի
Հայր,
անոր
կապոյտէն
Ձեզ
կը
մաղթեմ
բոյլ
մը
աստղ,
բլուրներէն՝
գոգ
մը
ծաղիկ,
արեւէն՝
խուրձ
մը
ճառագայթ
եւ
երկնքէն՝
աստուած։
Որդիական
համբոյրներով
Խոնարհ
սան
Ձեր
Դ.
[Վարուժան]