Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

59. ՍՏԵՓԱՆ ՍԱՐԵԱՆԻՆ

20 նոյեմբեր, 1906, Կանտ

Մեծ Հայր,

Լի շնորհակալութեամբ ստացայ դրամը, որուն հաշիւը ամսոյս վերջը Ձեզ կը գրեմ։ Երկտող մը ինձ կ՚իմացնէր, թէ հիւանդ էք եւ քիչ մը կ՚ուշացնէք նամակիս պատասխանը. ասի հոգ չէ. ես խնդրած եմ, որ գէթ 15-20 օր մը սպասեն տարեվճարմանը։ Ինչ որ զիս տխրօրէն կ՚ազդէ՝ Ձեր հիւանդութիւնն է, զի կը լսեմ, որ նոյնիսկ անկողինն էք։   Ես կ՚աղօթեմ եւ կը յուսամ լիովին Ձեր շուտ առողջութեան։ Կ՚ենթադրեմ, թէ ցրտերուն հետեւանքն է։ Ձմեռը կու գայ եւ ձմեռը ինչպէս վիճակի, այնպէս ալ կազմուածքի համեմատ հաճելի է կամ ատելի։ Բայց ան ալ միշտ մէկ հատիկ տաք ճառագայթ մը կ՚ունենայ, զայդ կը մաղթեմ Ձեզ, եւ չեմ տարակուսիր, թէ շուտով կ՚անցընէք, գէթ բնութենէն առաջ Ձեր աշակերտաց մաղթանքը կայ ու անկէ առաջ՝ նախախնամութիւնը. Դուք քաջ գիտէք ասիկա։

Ես եւ Գրիգորը կ՚աշխատինք, մանաւանդ այս տարի. հանգիստ եղէք այս մասին ընդունեցէք որդիական ջերմ մաղթանքներս

Սիրալիր ողջոյններով
. Վարուժան]