Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

21. ՍՈՒՔԻԱՍ էՓՐԻԿԵԱՆԻՆ

[2 փետրուար], 1906, Կանտ

Վերապատուելի Հայր Էփրիկեան,

Շատոնց է ընդունած եմ Ձեր նամակը։

Ստած պիտի ըլլամ, եթէ ըսեմ, թէ երկտող փոխարէնի մը մինչեւ հիմա ժամանակ չունեցայ, ուշ կը պատասխանեմ, վասնզի ինծի դժուար կու գայ անոր արժանի պատասխան մը գրելը։

Կ՚ըսէք, թէ «Սարսուռներուն» մէկ մասը առանձին տպած էք եւ այս ամիս ինծի պիտի ղրկէք 500 օրինակէն 300-ը եւ հոդ Ձեր հաշուոյն պիտի ծախէք մնացած 200 օրինակը իբր թուղթի եւ աշխատութեան ծախք։ Յետոյ կ՚աւելցնէք, թէ այս եղածը պարզ շնորհք մըն է, որ միայն ինծի կ՚ընէք։

Իրա՞ւ…

Շնո՞րհք մը։ «Գեղունիի» մէջ քերթուածները ձրի կը տպէք, որ մասամբ մը Ձեր շահ է, ինծի՝ վնաս, տպագրութեան նիւթեղէն պայմանները (թուղթի, գրի տեսակ եւ այլն) կը տրամադրուին լիուլի քմահաճոյքով. հատորի տեղ մէջտեղ կը հանէք ճռզած պռօշիւր մը եւ ի, լրումն աղէտից, վար կը դնէք անոր 200 օրինակը եւ Ձեր ամէն մէկ տողին մէջ ալ դե՜ռ կը հեղեղէք, թէ եղածը պարզ շնո՜րհք մըն է։

Շնո՞րհք մը։

Այս բառը, ներեցէք, Վերապատուելի, հակառակ իմ այնքան բնական հանդարտութեանս, բոլոր ոսկրներս վերիվար կ՚ընէ ու կը մղէ զիս այս տողերուս մէջ հեղուլ այնպիսի մոլեգնախառն ծիծաղ մը, որ հոդ, այդ անիծեալ «Սարսուռները» տպող մեքենաները կը կասէին ։

Շնո՞րհք մը։

Այո՛, շնորհք մը, բայց ոչ այդ Ձեր գործադրած պայմաններով։ Երբ մանրամասն կը մտածեմ, կը տեսնամ, որ ընդհակառակը ես եմ այդ շնորհքն ընողը, որուն պատիւը այնքան անիրաւաբար կ՚ուզուի ինձմէ յափշտակել։

Գիտէ՞ք որն է շնորհքը կամ աւելի պարտաւորութեան պարտքը. երբ «Բազմավէպին» կողքին գրուէր՝ Դ. Վարուժան անունով ուսանող մը, հակառակ իր կարողութեան, դրամի տեղ տպարանիս 200 օրինակ գիրք նուիրեց։

Եթէ այս աստիճան դառնացած կը գրեմ, պատճառն այն է, որ ես չեմ կրցած հաշտեցնել (թողլով միւս պարագաները) այդ 200 օրինակը այդ շնորհքին հետ ։

Բայց եթէ կ՚ուզէք, վար դրէք զանոնք՝ ղրկելով միայն 300-ը. ես այդ բանին չեմ ընդդիմանար՝ վախլով, որ թերեւս առանց անոր՝ պատճառ ըլլամ բազմօգուտ տպարանի մը սնանկութեանը։

Չմոռնամ ըսելու, որ արտաքին աշխատակիցներու մասին եղած Ձեր կանոնները ինծի մի բացատրէք, ես զանոնք արդէն իմ վրայ գործադրած ունիմ առաւելաւն հանդերձ եւ երկրորդ՝ որ զանոնք ես մոխրացած կ՚ընդունիմ, քանի որ կանխաւ գրած եմ այդ մասին որոշ եւ քանի որ արդէն Դուք իսկ կ՚ըսէք՝ Ձեր գաղափարին հակասելով, թէ հատորներն իմ տրամադրութեան ներքեւ պիտի դրուին (ըստ Հայր Սիմոն վարդապետի բաղձանաց), - եւ ես ատոր վրայ կ՚աւելցնեմ, ըստ արդարութեան բաղձանաց։

Վերջապէս այս խնդիրը Ձեր նամակի հետ մեծ դառնութիւն պատճառեց ինծի, բայց կը ջանամ ինքզինքս մխիթարել թէ ինծի պատիւ է, որ պաշտօնի վրայ եղող արժանաւոր անձնաւորութիւն մը իմ 200 օրինակս վար կը դնէ։ Եղածը եղած է։

Ձեզ կը մաղթեմ բարեսիրտ յաջողութիւններ եւ Ձեր քահանայական օրհնութիւնը կը խնդրեմ։

  կը մնամ
խ[ոնարհ] ծ[առայ]
Դ. Վարուժան

Յ. Գ. Եթէ այս 7 օրուան մէջ ուղարկէք. [1 անընթ. ] ուղարկեցէք այս հասցէին.

Daniel Tchiboukkear, Rue Metdepenningen N15,

(Belgique) Gand։ Իսկ եթէ ոչ՝ գուցէ հասցէս կը փոխեմ, որ ատեն կը խնդրուի քիչ սպասել զեկուցման։

Նոյն