Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

163. ՍԱՀԱԿ-ՄԵՍՐՈՊԻՆ

24 հոկտեմբեր, 1910, Սուազ

Սիրելի եղբայրակից,

Նամակդ ընդունեցայ։ Հոս՝ Սուազը, այնքան նիւթով շաղախուած է, այնքան գռեհկացած է, որ անցքդ ասկէ տեսակ մը հոգեկան հաճոյք պատճառեց ինծի, եւ սիրեցի հոգեպաշտ մտածումները, վասնզի դու որքան նիւթապաշտ-իրապաշտ մը նկատած ես զիս, սակայն աւելի նիւթը կը սիրեմ՝ զայն ազնըւացնելու համար լոկ, զայն հոգիիս մաղէն եւ չեչաքարէն անցնելու եւ զտելու համար միայն։

Ամուսնութեանս մասին գուշակութիւններդ եւ ենթադրութիւններդ արդէն կատարուած են։ Նարօտը կապեցի գլուխիս, սակայն ազատ են թռիչներս։ Ես իբրեւ իրապաշտ սիրեցի բնականոն եւ ընտանեկան կեանքը եւ նախընտրեցի զայն ամուրիի անրջական խարխափանքներէն։ Բոլոր ֆիզիքական եւ հոգեկան պահանջները մարդուն ես կարծեմ պէտք են գոհացած ըլլալ, որ այդ մարդը իբրեւ արուեստագէտ ազատ զգայ զինքը իր անձնականին վերաբերող կեդրոնաձիգ պէտքերէն եւ ձգողութիւններէն՝ ինքզինք աւելի հանդարտ մտքով նուիրելու համար գեղեցիկին եօթնասիւն խորանին։

Ես պոլսահայ գրականութեան վրայ հաւատք չունիմ, ու կան կարգ մը գրողներ, որ մինչ ցայսօր Պառնաս կը բարձրացուին, եւ եթէ ինծի հարցնէք՝ Տոլպան Տէրեսիի ձօրէն իսկ վար պէտք էին նետուիլ։ Ասոնց տողերուն դատարկութիւնը կատարեալ սարսափ կ՚ազդէ ինծի։ Փարիզեան գրականութեան ծաղրանկարներովը բաւական լեցուցին թերթը պոլսական լրագիրներուն, որոնց հետ իրենց արտադրութիւններն ալ ծախուեցան Շիտակ-ճամբուն վրայ հինգ փարայի՝ թերթավաճառ լաճերէն։

Գրախօսականդ կարդացի։ Գնահատումիդ մէջ ծայրայեղ ես։ Ներե՞մ այդ յանցանքդ։ Սակայն վերջապէս հոգեւին շնորհակալ եմ այն ժամանակին համար, զոր «Ցեղին սրտին» վրայ ծռած անցուցիր։

«Փնտռտուք»ը ինչպէ՞ս գրեմ, երբ այլեւս գտած եմ զայն, «գտնուածը», եթէ յանձնարարէիր՝ գուցէ Մուսան բարի նայուածք մը նետէր լարերուս, որոնց վրայ ժամանակ մըն է խուցիս փոշին բորբոսի պէս նստեր է։

Նուէրիդ շնորհակալ եմ. զայն կերայ եւ մէջս փոխուեցաւ գաղափարի՝ քու ըսածիդ համեմատ. եթէ երբեք ամէն կերուած բաներ մեր մէջ գաղափարի պիտի փոխուին, մեր կարգ մը լրագրողներուն թերթերը ամենէն գաղափարալից պէտք են ըլլալ, քանի որ շատ կ՚ուտեն անոնք chantage-ի դգալով եւ բնական պատառաքաղով։

Մայրիկս շատ ցաւեցաւ չկրնալ տեսնելու համար զքեզ, սիրելի քերթող, զի այդպէս կը խորհէր, թէ իր փիլաֆն ուտելով՝ իր տանտիկնութեան յարգը բարձրացուցած պիտի ըլլայիր։

Վերջապէս խոստումնիս համեմատ նամակիս մէջ պիտի դնէի անկէ գդալ մը բան, եթէ մեր պապերուն մագաղաթը դեռ գործածէին եւ եթէ հաւատացիր ըսածիս իմ գրածներս անկէ նուազ բան մը ըլլային։

Քոյդ սիրով
Դ. Վարուժան