116.
ԴԵՐԵՆԻԿ
ՃԻԶՄԵՃԵԱՆԻՆ
17
յուլիս,
1908,
Կանտ
Դերենիկդ
իմ,
Վերջապէ՜ս…
քանի
մ՚օրէն
Ձեր
քով
եմ։
Տաք
հրաւէրներդ
կը
տեսնեմ,
որ
զիս
երջանիկ
պիտի
ընես
սրտիդ
քովիկը՝
գերազանցօրէն
եղբայրական։
Այս
երկուշաբթի
(20)-ին
ճամբայ
կ՚ելլեմ
Կանտէն,
հոդ
երբ
հասնիլս
չեմ
գիտեր՝
գուցէ
չորեքշաբթի
երեկոյ
(7-ին)։
Քննութիւններս
բոլորն
ալ
անցուցի,
trenta
per
trenta
[1]
մեր
Արամին
բացատրութեան
համեմատ
խօսելով։
Կեցցէ՛
մարդկային
կամքը։
Յուսամ,
թէ
Իտալիա
քիչ
մը
պիտի
կազդուրուիմ
Ձեր
ընկերութեան
ընտանեկան
եւ
ուրախ
շրջանակին
մէջ։
Առայժմ
լաւ
եմ.
ճամբորդութեան
գալիք
տաղտկութեամբ
միայն
քիչ
մը
մելամաղձոտ։
L՚arrivée
incertaine
attriste
le
départ
[2].
Երկար
ատեն
է
որ
մուսայիս
հրաժեշտ
տուեր
եմ.
յուսամ
թէ
Ձեր
եղբայրական
յարկին
տակ
դարձեալ
պիտի
ամուսնանամ
այդ
դեղին
մազերով
աղջկան
հետ։
Ցտեսութիւն.
Հաղորդէ
բարեւներս
ամէնուն.
կու
գամ
մտերմօրէն
գինիի
բաժակս
բախել
իրենց
բաժակներուն։
Դարձեալ
ցտեսութիւն։
Եղբայրդ
Դ.
Վարուժան
[1]
Երեսուն
երեսունի
վրայ
(այսինքն՝
գերազանց):
[2]
Անորոշ
ժամանումը
տխրեցնում
է
մեկնումը: