Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

132. [ՄԵՐՈՒԺԱՆ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆԻՆ]

30 մարտ, 1909, Կանտ

Սիրելի եղբայրակից,

…Սիրահարական սեռը միակն է գուցէ, որ միւսներէն աւելի ապրելու սահմանուած է։ Հայրենասիրական քերթուածները օր մը կը մեռնին։ Եթէ սիրահարական քնարերգութիւնը մշակուի ճշմարիտ տաղանդի ուժով, ու այդ քնարին լարերն թաթախուած ըլլան ապրուած կեանքի մը յոյզերուն եւ մահացուած սրտի մը արիւնին մէջ, որ կ՚ապրի մարդ էակին հետ՝ դարերու մէջէն կը բացատրէ կինը՝ այդ մանրանկարը Տիեզերքի գեղեցկութիւններուն։

Դժբախտաբար հազիւ մէկ-երկու ոտանաւորներու մէջ ճանչցած եմ Ձեր մուսային շունչը, ինչ որ չի բաւեր Ձեր մասին որոշ գաղափար մը կազմելու, ամէն պարագային կը մաղթեմ յաջող թրթռումներ Ձեր քնարին:         

. Վարուժան]