Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

124. ԹԷՈԴԻԿԻՆ

[18 նոյեմբեր, 1908, Կանտ]

Սիրելի եղբայրակից տիար Թէոդիկ,

Ընդունեցայ նամակնիդ։

Բացի Ձեր բարեկամական տաք շունչէն, վայելեցի նաեւ գրական էջ մը՝ գողտրիկ կերպով գրուած եւ անկեղծօրէն ստորագրուած։ Պիտի ջանամ բոլոր Ձեր հիացումները ի դերեւ չհանել. անոնց արժանի ըլլալով ապագային միայն… իցի՜ւ թէ։

Ձեր ընտանեկան յարկը Պառնասի սալամարմարներովը կառուցուած պէտք է ըլլայ, ուր կը հաւաքուին մեր նոր Երազողները, կամ կ՚այցելեն գաղափարի ջահին, զոր վառ կը պահէք հսկումներով եւ գուրգուրանքով։ Այդ սուրբ կրակին առջեւ, մուսաներու թոնիրի մը շուրջը պիտի ըսէի, զիս մերթ յիշելնուդ անհունօրէն շնորհակալ եմ։ Ողջո՛յն Ձեր կրտսեր եղբօրմէն, ողջոյն մը, զոր կը յանձնեմ դէպի Մասիս ճամբորդող ճերմակ արծուի մը հզօր թեւերուն։

Ընդունեցայ երկու Տարեցոյցներն ալ։

Շնորհակալ եմ հասուն Յոյսի այդ ջուխտակ տարիներուն համար, զոր ազնուօրէն ինծի կը վերադարձնէք Անցեալի ժայռափեռիկ անդունդէն։ Կրնայի՞ք կասկածիլ գնահատումիս վրայ։ Ձեր ճաշակին գիտակցութիւնը պէտք էիք ունենալ։ Աչքէ անցուցի։ Կարդացի շատ կտորներ՝ ուշի ուշով եւ զանոնք գտայ կատարեալ, որ է՝ իրաւցնէ ամէնուն համար։ Գովելի է անոնց համայնագիտական պարունակութիւնը։ Եթէ մէկը տարին այդչափ բան սորուի՝ արդէն բաւական է։ Եթէ հեղինակութիւն մը ունենայի՝ մանաւանդ զանոնք պիտի յանձնարարէի բոլոր այն արտասահման ապաստանած հայերուն, որոնք, պարագաներու բերմամբ թէ կամովին, անհաղորդ մնացած են Պոլսոյ գրական շարժման եւ կը փափաքին գաղափար մը կազմել այդ շարժման վրայ։ Ձեր Տարեցոյցները, իբրեւ ծաղկաքաղ, այդ գաղափարը պիտի տան համառօտ կերպով։

Անոնց մէջ հանդիպեցայ Ձեր գրչով գրուած կտորներու։ Գողտրիկ բառովն է, որ Ձեր գրութիւնները կրնամ միայն առջի նայուածքով յատկանշել։ Հայերէնի ճոխութիւննիդ եւս սիրելի է ինծի։ Որչա՜փ պիտի փափաքէի հայ գրագէտի մը հետ մեր հայրենիքին լեզուով խօսիլ։ Հիւսիսի այս մշուշոտ երկրին վրայ այդ կարօտը զիս խիստ կը տառապեցնէ։ Ո՛չ մէկ հայ կայ հոս, որ շնորհքով հայերէն գիտնայ։ Ահա ի՛նչ որ մարդուս բռունցքը սեղմել կու տայ։ Մուսա՛ն պիտի ըսէք գուցէ, բայց Մուսան երգել միայն գիտէ, եւ ես երգող խօսակցութիւնը չեմ սիրէր…

Չձանձրացնեմ զՁեզ։

Յարգանքներս Ձեր ազնիւ գրագէտ տիկնոջ եւ բոլոր այն Մուսայի որդիներուն, որ կը յիշեն իրենց կրտսեր եղբայրը։

Ընդունեցէք սիրալիր ողջիւններս

Միշտ Ձերդ
Դանիէլ Վարուժան

Յ. Գ. Ինծի պատիւ է Ձեր գրադարանին համար ուղարկել օրինակ մը իմ ցուրտ «Սարսուռներէս», զոր կ՚ստանաք այս սուրհանդակով։

Որչա՜փ կը ցաւիմ որ քովիս «Ջարդերը» բոլորովին սպառած են։ Հազիւ թէ անոնցմէ ձեռքս անցնի՝ բերկրանքով կը ղրկեմ հասցենուդ։   

Ձերդ
Նոյն

125. ԴԵՐԵՆԻԿ ՃԻԶՄԵՃԵԱՆԻՆ