Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

56. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

6 սեպտ., 1906, «Ազոլո-գիւղ», Վենետիկ

Սիրելի պ. Չօպանեան,

«Անահիտը» ստացայ, այս անգամ ամբողջ Ձեր բարեկամութեան հաւաստիքը ինծի կը ղրկէք քննադատութեան մը պատրուակով, որուն համար եզականօրէն շնորհակալ եմ։ Ես կը մտածեմ, թէ բոլոր ներբողները, զոր կրցած էիք ձուլել լիազօր դատողութեան մը մէջ, դէպի յաջող ապագայի մը խրախուսանքին հեռանկարովը կ՚ըլլան եւ առհաւատչեայ են բարեկամական այն ձեռքի սեղմումին, զոր այս տարի ինծի տուիք։

Ձեր քանի մը դիտողութիւններուն աւելի՛ ուշադիր պիտի ըլլամ, եւ զանոնք մատնանշելու Ձեր այն բարեացակամ կերպը իմ քանի մը թերութիւններուս վրայ աւելի պիտի ներգործէ։ Այդ թերութիւնները յուսամ, թէ ներկայ գրածներուս մէջ մասամբ մը սրբագրած եմ. «Սարսուռներուն» մէկ մասը 1903-ի գրութիւններ էին։

Ներկայիս գրած եմ ընդարձակ քերթուած մը, որ «Ջարդին» ընդհանուր եւ բնորոշիչ մէկ փոքր նկարն է. գուցէ առանձին պռօշիւրով մը հրատարակել տամ, եթէ չյաջողի մտադիր եմ ղրկել «Անահիտին»։ Առայժմ ընդունեցէք փոքր ոտանաւոր մը եւ ընդունեցէք նաեւ, անգամ մը եւս, իմ խանդոտ շնորհակալութիւններս «Les trouvères arméniens» Ձեր օգտակար եւ հոյակապ գրքին երկրորդ տպագրութեան առթիւ։

Սիրալիր ողջոյններով

Ձերդ
Դանիէլ Վարուժան