Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

175. ԱՐԱՔՍԻ ԹԱՇՃԵԱՆ-ՎԱՐՈՒԺԱՆԻՆ

17 մարտ, 1912, Նիքսար

Սիրելի Արաքսիս,

Ժամը 11-ին հասանք Նիքսար։ Ճամբան գեղեցիկ էր, բայց բաւական մրսեցանք։ Հոգ չէ, շատ առողջ եմ։ Նիքսարը Թոգաթէն դիրքի տեսակէտով գերազանց է։ Գայլ գետին անկողինը Իրիսի երկու լայնութիւնը ունի. վրայի կամուրջին երկարութիւնը եզական է. այդպէս երկրորդ մը չէի տեսած, վրայէն, կառքով քսան վայրկեան անցանք. բայց խախուտ եւ փայտաշէն է միեւնոյն անգամ. թուրքի՜ գործ։

Քաղաքին մէջ ճերմակ քար մը չես գտներ՝ ամբողջ սեւ ապառաժ եւ այնքան ծառազարդ եւ բուսեղ, որ կարծես ժայռ ու ծառ կռիւն ունին իրարու հետ. չես գիտեր՝ որը պիտի յաղթի ապագային. այժմ բուսականութիւնը յաղթած է։ Միհրդատի բերդը հսկայական է. վրաս ըրած տպաւորութիւնը կ՚ուզեմ անձամբ պատմել։

Լաւ ընդունելութիւն գտանք. այս երեկոյ ժողով ունինք. արդիւնքը լաւ ըլլալ կը խոստանայ։ Վաղը Հերեկ կը մեկնինք։ Քու բացակայութիւնդ տխրութիւն կ՚առթէ ինծի երբեմն։ Կ՚ուզէի ամէն ինչ քո աչքերովդ տեսնել ու քո սրտովդ զգալ. հիմա լաւ կը զգամ, թէ դու կէսս ես եւ ամենաազնիւ կէսս։ Վերոնիքայիս աչքերը, քանի մ՚օր ալ անցնին ապահով պիտի կարօտնամ։ Հոգիս վրանիդ ըլլայ, եւ մինչեւ վերադարձս՝ ուրախ ու անարկած ըլլաք։ Նոյնպէս Իսկուհիին՝ ուրախութիւն կը մաղթեմ։

Համբուրելով Վերոնիքայիս եւ քու աչքերդ՝ մնամ սրտակից

Դ. Վարուժան