169.
ԴԵՐԵՆԻԿ
ՃԻԶՄԵՃԵԱՆԻՆ
5
ապրիլ,
1911,
Սուազ
Իմս
Դերենիկ,
Կարճ
պիտի
գրեմ.
նամակդ
ստացայ,
«Աստղիկներէն»
երկու
թիւ
ալ։
Ապրի՛ս,
սքանչելի։
Կը
շնորհաւորեմ,
միշտ
առաջ։
Հիմը
դրուած
է.
պէտք
է
խոհեմ
քայլերով
կանգուն
բռնել
զայն։
Անմիջապէս
ղրկէ
հոս
(ներփակ
հասցէիս)
հրատարակուած
թիւերուն
իւրաքանչիւրէն
(20)
օրինակ։
Ես
չեմ
խորհիր,
թէ
երկար
մնամ
Սուազ.
կ՚ուզեմ,
որ՝
գրավաճառ
պ.
Չեքեմեանը
գործակալ
հաստատուի։
Սակայն
ես
պիտի
բոլոր
ուժովս
աշխատիմ,
որ
այս
ամուլ
քաղքին
մէջ
գոնէ
20
բաժանորդ
ունենաս.
(պ.
Խոսրով
Չեքեմեանը
մէկ
պայման
ունի՝
որ
է՝
իրեն
ձրի
ուղարկէք
միշտ
օրինակ
մը,
ահա
բոլորը)։
Ես
թէպէտ
ո՛չ
ամէն
թիւին,
բայց
գոնէ
ամիսը
երկու
անգամ
կ՚երեւամ,
մանաւանդ
թէ
կը
խոստանաք
փոխարինել,
խոստում
մը,
զոր
կ՚ընդունիմ
այն
պարագային
միայն,
երբ
Ձեզի
զրկանք
մը
չէ։
Վերջապէս,
Դերենիկդ
իմ,
բաղձանքս
է
որ
թերթը
երկայնակեաց
ըլլայ.
թէ
ոչ
բոլորս
ալ
ամօթով
կը
մնանք.
ուստի
ջանա՜
առնուազն
տարի
մը
թող
ապրի,
այս
կ՚ըսեմ
առ
երեսս
մարդկան
միայն,
թէ
ոչ
ես
շատ
ու
շատ
տարիներ
կը
մաղթեմ
անոր։
Առայժմ
մէկ
քերթուած
կը
ներփակեմ։
Դեռ
առիթ
կ՚ըլլայ
ղրկելու։
Արդեօք
անցեալ
տարի
հրատարակած
«Ցեղին
Սիրտը»
հատորս
ունի՞ք
հոդ։
Առայժմ
ցտեսութիւն,
պատեհ
առիթի
մը
կը
գրեմ։
Քոյդ
սիրով
Դ.
Վ.