Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

38. ԴԵՐԵՆԻԿ ՃԻԶՄԵՃԵԱՆԻՆ

23 մարտ, 1906, [Կանտ]

Սիրելի Դերենիկս,

Կ՚ուզես, որ գրեմ եւ երկար գրեմ, այնքա՛ն արդէն սիրտս քեզ դատարկած եմ, որ ամէն զգացում քեզի նոր պիտի չգայ։

Նամակիդ մէջ ինչ որ ամենէն ուշագրաւ էր՝ էր քու վի՛շտդ սիրած եղբօրդ եւ քեռուդ դիրքէն. աւելորդ է, որ քեզ կազդուրեմ եւ մաղթեմ, որ եղբայրդ կազդուրուի. դու ինձմէ շատ փոքր չես, եւ եղբայրդ ալ իմաստասէր է, եւ երկուքդ ալ գիտէք, թէ հայուն ճակատագիրը Մահմէտի մօր կարմիր կաթն է ծծած. ահա թէ ինչու համար տարուէ տարի անոր եղբայրն ըլլալով՝ մեզ իր ցեղին զոհը կ՚ընէ։

Գօտեպնդուէ՛. քու վիշտդ շատ եւ շատ հայերու վիշտն է. մենք հիմա որքան տանջուինք՝ այնքան հայ ենք։ Բայց ես ալ, այս տողերս գրած ատենս ես ալ կ՚արտասուեմ. տասը տարի առաջ կարմիր կոտորածը, տասը ամիս առաջ բռնի ռուսացումը, եւ հիմա սնանկութիւնը, գիւղացին մեռաւ, բարեկեցիկը կորաւ, հարուստը կը փճանայ։ Բայց ինչո՞ւ սնանկութիւնը ամբողջ հայութեան կը վերագրեմ, ոչ առանց պատճառի անշուշտ։ Պոլսական լրագրի մը մէջ կը կ՚արդամ, ճիշտ երեք ամիս է, որ գրեթէ ամէն օր լաւ ուշ դիր ամէ՛ն օր հայ՝ մեծ թէ փոքր վաճառական մը կը սնանկանայ։ Այս մնաց գալիք, իբր լրումն ամէն աղէտից, եղբօրդ պէս ես ալ կարծեմ պատճառը մեր արիւնոտ օրերուն մէջ հարկ է փնտռել, կոտորածի տարին մահու չափ վնասուեցան եւ մինչեւ հիմա կաղնիկաղը քաշքշեցին իրենց դիրքը, եւ արդ ամէն օր զգալով դեռ ուրիշ հարուածներ անկարելի կ՚ըլլայ իրենց գոյութիւնը պահել։ Մէկ խօսքով՝ կ՚ուզեմ քեզի տեղեկացունել, որ այս օրերուս մէջ շատ հայեր սնանկութիւն սկսան յայտարարել, որոնց մէջ բնաւ ուրիշ ազգի պատկանողներ չկան։ Կը փճանանք կոր, սիրելի Դերենիկ, կը փճանա՜նք։

Հոգ չէ, եղբայրդ օր մը դարձեալ դիրք մը կը շինէ, կամ գայթածը կը կանգնէ, բաւական է, որ առողջ է եւ մտացի։ Նշանուիլը կը շնորհաւորեմ. եթէ նիւթականէն քիչ մը կորսընցուց, բարոյականէ վաստկեցաւ. ի՜նչ մեծ հարստութիւն գրկին մէջ ունենալ նազելի կոյս մը։ Ամէն ինչ հոդ է։ Գանձ, պատիւ, երջանկութիւն, բայց այս, որ կ՚ըսեմ՝ տեսականօրէն կ՚ըսեմ. գործնական վարդապետութեամբ կինը ընտանիքին մէջ կը նկատեմ իբր էգ կատու մը, մեր ափը իր շոյասէր վզին փափկութիւնը կը զգայ, իսկ մեր դաստակը՝ իր թաթերուն ճանկըռտուքը։

Կը հարցնես, թէ «Սարսուռները» Տաճկաստան կը մտնա՞յ, արդէն դուն ալ գիտես մէջը թուրքին դէմ հակառակ բան մը չկայ. արդէն ամէն Եւրոպա տպուած գիրք ալ տաճիկներու ձեռքով Տաճկաստան չերթար, կամ թէ կ՚երթայ դժուարութեամբ, ես Պոլիս պիտի ղրկեմ աւստրիական փոստով. մէկ խօսքւվ՝ անոր մէջ տէրութեան դէմ բան մը չկայ, միայն թէ քիչ մը էջերէն ընկերվարական հոտ կը բուրէ, ահա ինչ որ ես գիտեմ. միւսը քու տրամադրութեանդ կը թողում։

Ի՞նչ թերթ կ՚առնես. «Անահիտի», «Շիրակի» եւ «Բազմավէպի» աշխատակից եմ. ապրիլին «Անահիտը», մայիսին «Բազմավէպը» եւ կարծեմ «Շիրակն» ալ «Սարսուռներու» վրայ մտադիր են երկար գրախօսական մը նուիրել. ե՛ս ալ հետաքրքիր եմ, թէ ի՛նչ պիտ գրեն։

  Կ՚ըսես թէ միայնութիւնը քեզ կը նեղէ։ Այդ ինծի ալ կը հանդիպի, բայց կը ջանամ աշխատանքի մէջ ամէն տխրութիւն խեղդել։ Յետոյ քեզ կը պատուիրեմ՝ չըլլայ թէ սիրահարուիս մաքուր սիրով. ճշմարիտ սիրահարութիւնը քու այդ առանձնական վիճակիդ մէջ տխրութեան եւ դատարկութեան մեծ առիթը կ՚ըլլայ. իսկ դատարկութիւնը տխրութեան երկրորդ մայրն է արդէն. դարձեալ կ՚ըսեմ՝ չըլլայ թէ սիրահարուիս տակաւին։ Չեմ գիտեր, թէ այս ըսածիս հոգեբանական արժէքը կը հասկընա՞ս։ Ուրիշ առիթով անոր վերլուծումը կու տամ քեզ։ Քարտիդ եւ խոստմանդ շնորհակալ եմ. հոս storia d'arte [1] հրաշալի դասախօսութիւն մ՚ունինք. արդէն պէտք է գիտնալ, որ աշխարհիս վրայ եթէ իտալական գեղարուեստի դպրոցը առաջինն է, ֆլամանականը երկրորդ է, ըսածս (ինչպէս ոմանք) Պելճիքա գտնուելուս սնափառութեամբը չէ որ կ՚ըսեմ։

Միշտ քուկդ
Դ. Վարուժան



[1] Արուեստի պատմութիւն։