Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

18. ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ

12 յունուար, 1906, Կանտ

Սիրելի բարեկամ, (Ձեր ըղձին համեմատ այսպէս կը կոչեմ զձեզ, եւ մէջս Ձեզի հանդէպ յարգանքս խանդոտ սիրոյ կը փոխուի)։

Ստացած եմ «Անահիտը»։ Անոր գեղարուեստական ճոխ պարունակութեան մասին հիացումներս։ Վինէիի հանճարը ներդաշնակ է իր Փարիզին եւ իր Փարիզը՝ իր հայ քննադատին։

Այս երեքը բաւական եղան երկար ժամանակ վսեմ ներշընչմամբ մ՚օրօրելու զիս, որուն համար «Անահիտ» մը կարդալը ինձ մեծ երջանկութիւն մըն է։

Շնորհակալութիւններս քերթուածիս հրատարակմանը։

Կը ղրկեմ ուրիշ մը. աս ալ յանձնելով Ձեր ազատ դատաստանին։

Միջավայրս բոլորովին հակաբանաստեղծական է. ստիպուած եմ յիշատակներէս ներշնչուիլ։ Ներփակեալը յիշատակ մըն է, զոր մանկական տաք երեւակայութիւնս հայ գիւղի մը շրթունքէն, սարսուռով, մինչեւ այս օրս հասցուց։

Ուրիշ առթիւ երկար կը գրեմ։

Սենեակիս հետ փոխած եմ բնակած փողոցս. հասցէս կու տամ.

Metdepenningen 15. (Belgique). Gand

Ձեռքի սիրալիր սեղմումներով

Մնամ Ձերդ
Դանիէլ Վարուժան