105.
ԱՐՇԱԿ
ՉՕՊԱՆԵԱՆԻՆ
16
յուն.,
1908.,
Կանտ
Սիրելի
պ.
Չօպանեան,
Ուրախութեամբ
եւ
շնորհակալութեամբ
կը
լսեմ
որ
«Ջարդը»
մօտ
օրէն
լոյս
կը
տեսնէ։
Յայտնի
է՝
գրքոյկին
վրայ
«Վարուժան»
հարկ
է
դնել։
Իսկ
յայտարարութեան
մէջ,
եթէ
այդ
կեղծանունը
դրուի՝
եկող
ոեւէ
յանձնարարական
փոստը
չի
տար։
Իսկ
նշանակել
ճիշտ
անունս,
—
միգուցէ
վտանգաւոր
ըլլայ։
Ուստի
կը
խնդրեմ՝
տակաւին
ո՛չ
մէկ
բան,
ո՛չ
մէկ
հասցէ
մի
դնէք
յայտարարութեան
մէջ,
մինչեւ
որ
գրքոյկները
գրավաճառներու
քով
տեղաւորեմ.
յետոյ,
եթէ
յարմար
եւ
կարելի
գտնէք,
անգամ
մը
ուրիշ
ծանուցում
մը
կ՚ընէք
ոեւէ՛
գրավաճառի
մը
հասցէով։
Գինը
ես
կը
մտածէի
50
սանտիմ
դնել.
բայց
եթէ
անգամ
մը
1
ֆրանք
նշանակեր
էք՝
հոգ
չէ.
թող
մնայ։
Որչա՜փ
անհամբեր
եմ,
երբ
ազատ
ժամանակ
մ՚ունենաք,
տեսնել
«Արմենուհիին»
Ձեր
մատնանշած
թերութիւնները։
Ձեր
դիտողութիւններէն
ստէպ
օգտուած
եմ։
Այսօր
միմիայն
երազս
է
դէպի
«կատարելութեան»
դիմել։
Կը
շնորհաւորեմ
Ձեր
նոր
հրատարակութիւնը
եւ
կ՚ուրախանամ
Ձեր
քննադատի
աղուոր
տաղանդին
վրայ։
Ընդունեցէք
սիրալիր
ողջոյններս
Դ.
Վարուժան