Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

158. ԹԷՈԴԻԿԻՆ

3 սեպտեմբեր, 1910, Սուազ

[Ա]

…Մարի մը կ՚ակնարկէիր նամակիդ մէջ։ Ուրախ կ՚ըլլաս անշուշտ, երբ ըսեմ՝ այս տողերը քեզ կը գրեմ մեղրալուսնիս առաջին օրերուն մէջ։ Օրիորդը, որուն հետ ամուսնացայ, կը կոչուի Արաքսի։ Գաւառի կնոջ բարոյական համեստութեանց յատկութիւններուն վրայ՝ գտած եմ քերթողի ճաշակս եւ մտքի պահանջներս գոհացնող առաւելութիւններ անոր մէջ։ Մեր այս միութիւնը վերջակէտը դրաւ տռամի մը, կամ աւելի ճիշդ՝ վէպի մը, զոր մենք ապրեցանք ամբողջ վեց ամիս՝ անցնելով շատ ողբերգական փուլերէ։ Վերջապէս յաղթանակը տարաւ մաքուր եւ անկաշկանդ սէրը. եւ հարբած Սուազը տեսակ մը հետաքրքրութեամբ հանդիսատես ըլլալէ վերջ՝ գիտցաւ գոնէ ծափահարել այդ ընտրութիւնս եւ իմ ու ներա կամքի յաղթանակը։

Ալ ասկէ վերջ գուցէ նոր յոյզեր եւ նոր երգեր սպասես ինձմէ, կը խոստանամ տալ, քանի որ Մուսաս երկուք եղաւ։

[Բ]

…Այստեղի կենցաղս մինչեւ ցարդ խիստ յուզումնալից եղաւ։ Քանդել մէկ ձեռքով, սերմանել միւսով ու տառապիլ միշտ՝ վրայ տալով մտքի եւ մարմնոյ առողջութիւնը, ահաւասիկ կեանքը, զոր գաւառի մէջ կ՚ապրիմ։ Աւելի ժողովուրդին հետ կը կենակցիմ, քան թէ Մուսային եւ աւելի հռետորութիւն կ՚ընեմ, քան թէ տաղերգութիւն։ Իսկ ուսուցչութիւնը ապրելու միջոց մըն է սոսկ՝ որ (չըսեմ աշխատանքներուս, այլ) կեանքիս մէջ ո՛չ մէկ նշանակալից տեղ կը բռնէ։

Սիրալիր բարեւներով
Դանիէլ Վարուժան