8.
ՅՈՎԱԿԻՄ
ԵԶԵԿԵԱՆԻՆ
2
Նոյեմբեր,
1903
Վենետիկ
Սիրելի
եղբայր,
(Եզեկեան),
9
հոկտեմբեր
նամակդ
եւ…
առի։
Ինչ-ինչ
պատճառներով
նամակս
երկարեցի,
եւ
դու
այս
բանիս
ներողամիտ
եղար
(ուզես
չուզես)
շնորհակալ
եմ։
Գիւղէն
վերադարձանք
շատ
մը
զուարճութենէ
վերջ,
չկարծես
թէ
հոն
քեզի
չյիշեցինք,
մանաւանդ
ես
յիշեցի…
(ուզեմ
չուզեմ)։
Վարժարանը
մեր
վարժարանը
չէ
(շէնքի
մասին),
խուցերը
անջատուած
կամ
միացած,
քայքայուած
եւ
նորը
շինուած
են։
Հիմա
հասարակաց
ուսման
սրահ
ունինք
եւ
դասարաններ՝
Քաղկեդոնին
պէս.
ամէն
բան
մաքուր
է
եւ
կանոնաւոր։
Իւրաքանչիւր
սենեկի
եւ
յարկի
մէջ
էլեկտրական
լոյս
եւ
զանգակներ
դրուեցան։
Գրասեղանները
վերափոխուելու
վրայ
են,
այս
բանս
բնական
կու
գայ՝
եղած
նորոգումը
կարկտանաւոր
չի
թողելու
համար,
ուստի
վարժարանիս
մէջ
ամէն
բան
դիւրութեամբ
կը
գործուի
եւ
լայնօրէն՝
նման
քու
գրած
բառերուդ,
որոնք
նամակը
երեւոյթով
երկայն
կը
շինեն։
Ուսման
նոր
ընթացք
պիտի
սկսինք՝
յաջողութեանս
համար
անշուշտ
կ՚աղօթես՝
եթե
—
ո՞
գիտէ
—
չես
մոռնար։
Հօրմէս
հանգստութեան
նամակ
կ՚առնո՛ւմ։
Կը
գրես.
(Քիչ
մը
տկար
ըլլալուս
համար…)
այս
քիչ
մը
տկարութիւնը
ե՞րբ
պիտի
անցնի.
բայց
ի՞նչ
տկարութիւն
է.
այն՝
ինչ
որ
գիտե՞մ,
թէ
այն՝
ինչ
որ
գիտես։
Պոլիս
գնալէդ
ի
վեր՝
ըլլայ՝
հիւանդութեանդ,
ըլլայ
ուրիշ
վիճակիդ
վրայ՝
դեռ
բան
մը
չես
բացատրած։
Բարեւներդ
յիշեցի
անոնց.
անոնք
պիտի
պատասխանեն։
Աստուածաշունչին
համար՝
Վերապատուելի
Մեծաւորը
քեզի
գրած
պիտի
ըլլայ.
աստուածաբան
կտրեր
ես.
այս
տարի
կրնանք
մրցիլ
միասին.
դո՛ւ`
աստուածաբանութեան
օճանով
(բառարան
նայէ)
եւ
ես…
իմաստասիրութեան։
Դարձեալ
կը
գրես.
Մինչեւ
որ
իմ
Ստորագրութիւնս
(յատուկ
անուն
չէ,
անշուշտ
անունդ
կարծեցիր
գրել)
չտեսնաս՝
գրքերս
մէկու
մը
չտաս։
Լաւ,
անոնք
խաղաղօրէն
կը
ննջեն
զարթօնքը
երբ
որ
կ՚ուզես
արձակէ.
հոգ
չէ։
Գրիդ
եւ
ոճիդ
նմանութեամբ
անստորագիր
քարտ
մ՚առի…
Ճենովայէն,
վրայի
պատկերը
հեծելանիւ
մըն
էր.
ի՞նչ,
այդ
գործիքով,
յանկարծօրէն,
Պոլսէն
Ճենովա՞
թռար՝
թէ
ինծի
հետ
խաղ
կը
խաղաս.
զուարճանալու
պէտք
ունիմ,
շնորհակալ
եմ,
անով
հանդերձ
անհամբեր
ալ
եմ,
որ
քու
շինած
առեղծուածդ
դու
ի՜նքդ
լուծես։
Կը
խնդրեմ՝
դու
ալ
այսպէս
կատակաբան
ոճով
գրես
ինծի,
մելամաղձոտ
Վենետկոյ
մէջ
մելամաղձոտ
չըլլալու
համար։
Ազնիւ
հօրդ
եւ
եղբօրդ
ջերմիկ
ողջոյններս։
Քեզի
յաջողութիւն
եւ
քաջողջութիւն
կը
մաղթեմ։
եղբայրդ
համբոյրով
[Դ.
Չպուգքեարեան]